Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«կարիքն ունինք ազատ եւ պարզ Եկեղեցիի, որ չի մտածեր շահերու մասին»:

Սրբազան Պապին զեկոյցը, Evangelii Gaudium շրջաբերականի ընկալումին եւ հեռանկարներու շուրջ կայացած հանդիպումի մասնակիցներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 30 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց «Evangelii Gaudium շրջաբերականի ընկալումին եւ հեռանկարներու շուրջ» կայացած միջազգային հանդիպումի մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ճարին մէջ Սրբազան Հայրը կʼանդրադառնայ, թէ «Աւետարանի ուրախութիւնը յառաջ կու գայ Յիսուսի հետ ունեցած մեր յարաբերութենէն։» Տիրոջ ունեցած մեր յարաբերութիւնը կամ մօտիկութիւնը աղբիւրն է աւետարանումի աշխատանքին։

Սրբազան Հայրը կը յիշեցնէ Մարիամ Մագդաղենացիի՝ Սուրբ Յարութեան առաւօտի փորձառութիւնը, որ կը հանդիպի յարուցեալ Տիրոջ եւ ապա լուրը կʼաւետարանէ առաքեալներուն։ «Այս օրերուն ալ, կʼաւելցնէ Սրբազան Պապը, շատ մը անհատներ հեռու չեն Մարիամ Մագդաղենացիի ունեցած փորձառութենէն։ Աստուծոյ հանդէպ, անսահման եւ ճշմարիտ սիրոյ հանդէպ կարօտը, արմատացած է մարդ արարածի սրտին մէջ։ Կարիքը կայ մէկու մը որ զայն կենդանացնէ։ Կարիքը կայ հրեշտակներուն, ինչպէս է պարագան Մարիամ Մագդաղենացիի, որոնք ուրախ լուրը փոխանցեն. մարմին ու ոսկոր ունեցող հրեշտակներ, որոնք մօտենան ցամքեցնելու արցունքները, եւ Յիսուսի անունով յայտարարելու՝ ʼմի՛ վախնարʼ (հմմտ Մտթ 28, 5)։ Աւետարանողները պահապան հրեշտակներու նման են, բարիի պատգամաւորներ, որոնք պատրաստ պատասխաններ չեն տար, այլ նաեւ կեանքի հարցականներ, ինչպէս Յիսուս ինքնին կը դիմէ Մարիամի՝ ʼզո՛վ կը փնտռեսʼ (Յովհ 20, 15)։

Սրբազան Հայրը ապա աւելի կը մանրամասնէ աւետարանողի աշխատանքը, քաջալերելով զանոնք, եւ յորդորելով որ իրենց առաքելութեան մէջ ըլլան անվախ։ Յատուկ կերպով կը շեշտէ սիրոյ վրայ։ Ան կոչ կʼուղղէ, թէ «կարիքն ունինք ազատ եւ պարզ Եկեղեցիի, որ չի մտածեր շահերու մասին, ձեռքբերումներու եւ մուտքերու մասին, այլ կը բացուի դէպի դուրս։» Ան կը յիշեցնէ առաջին քրիստոնեաները, որոնք ունէին շատ հակառակորդներ, որոնք հալածուած էին, սակայն տրտունջ չունէին աշխարհի մասին։

Սրբազան Պապը իր խօսքը կʼեզրափակէ. «Որպէսզի Աւետարանի խանդավառութեամբ,  ամէն օր դիմենք անոր հեղինակին, Սուրբ Հոգիին, ուրախութեան Հոգիին, որ կենսունակ կը պահէ առաքելական եռանդը, որ կեանքը կը վերածէ Աստուծոյ հետ իրականացած սիրոյ պատմութեան, որ մեզ կը հրաւիրէ աշխարհը քաշել միայն սիրով, եւ հասկնալ թէ կեանքը կարելի է պահել՝ միայն զայն տալով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2019, 13:08