VATICAN-POPE-AUDIENCE-LUMSA VATICAN-POPE-AUDIENCE-LUMSA 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Քրէական իրաւունքներուն ընկերակցութեան 20-րդ միջազգային համագումարի մասնակիցներուն:

բնապահպանական մեղքը ՝ Աստուծոյ, մերձաւորին, հասարակութեան եւ կենսոլորտին դէմ գործադրուած յանցանք է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 15 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քրէական իրաւունքներուն  ընկերակցութեան 20-րդ  միջազգային համագումարի մասնակիցները:

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք համագումարի մասնակիցները,  շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութեան,  արդարադատութեան զարգացման ծիրէն ներս մատուցած ծառայութեան համար որ կը յարգէ մարդկային անձի արժանապատուութիւնը ու իրաւունքները:

Ֆանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց կարգ մը կէտերուն վրայ հայող արդարադատութեան:  Ան անդրադարձաւ   « շուկայական կռապաշտութեան» որուն զոհ են ամենէն շատ խոցելի անձերը, որոնք միշտ առ  աւելիով անպաշտպան կը գտնուին աստուածացած շուկային դիմաց:  Այս շրջանակէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց արդարադատութեան մասնագէտները,   որ առաջք  առնեն  հակազդելու համար այդ երեւոյթին,  որ կը վտանգէ մարդկային զարգացումը:

Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց նաեւ կենսոլորտի պաշտպանութեան հայող քրէական իրաւունքի մասին: Այս ծիրէն ներս,  Ան յիշել տուաւ Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած, եպիսկոպոսներու առաջարկը որ է բնապահպանական մեղքը սահմանել  իբրեւ՝  Աստուծոյ, մերձաւորին, հասարակութեան եւ կենսոլորտին դէմ գործադրուած յանցանք: Նորին Սրբութիւն ակնարկեց նաեւ մնացորդաց եւ ատելութեան մշակոյթին,  դիտել տալով որ մնացորդաց մշակոյթէն յառաջ կու գայ ատելութեան մշակոյթը:

Ան ապա քրէական իրաւագէտներէն խնդրեց  որ նկատի առնեն քրէական իրաւունքի հիմնական նպատակը,  որ է պաշտպանել,  իրաւական կարեւորագոյն բարիքները  հասարակութեան ի նպաստ: 

ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ կազդուրիչ քրէական արդարադատութեան: Ան նշեց թէ Քրիստոնէական աշխարհի տեսլականով արդարադատութեան ձեւը,  իր կատարեալ մարմնացումը կը գտնէ Յիսուսի կեանքին մէջ, Յիսուս  որ խաչին վրայ մահացաւ ենթարկուելով բռնութեան եւ արհամարհանքի  Ան իր Յարութեամբ, փոխանցեց խաղաղութեան , ներողամտութեան եւ համերաշխութեան պատգամ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ  ընկերութիւնները կանչուած են ընթանալու դէպի արդարադատութեան ձեւ մը,  որ հիմնուած է երկխօսութեան հանդիպումի վրայ :  

Ան խօսքը աւարտեց  շնորհակալութիւն յայտնելով  սոյն հանդիպումի համար վստահեցնելով, որ ինք մօտիկէն կը հետեւի արդարադատութեան ծիրէն ներս մարդու ծառայութեան ի սպաս տարուած աշխատքաներուն: Ֆրանչիսկոս Պապ փոխացնելով  բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2019, 13:00