Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ես կրնամ» խորագիրով միջազգային հանդիպումի մասնակիցները:

Տիեզերքն ու անոր գեղեցկութիւնը՝ մարդ արարածին պարգեւուած թանկարժէք գանձ մըն է զոր մարդը կանչուած է զայն պաշտպանելու եւ մշակելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 30 նոյեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց «Ես կրնամ» խորագիրով միջազգային հանդիպումի մասնակիցներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներուն ուղղած Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքին առանց կազմեց գեղեցկութիւն եւ բարի բառերը: Ան նշեց, որ այդ երկու բառերը սերտ կապակցութիւն ունին՝ հրէական եւ քրիստոնէական աւանդութիւններուն մէջ: Սուրբ գիրքի Ծննդոց գիրքին  մէջ կը կարդանք, որ Աստուած տիեզերքն ու մարդ արարածը ստեղծելէ ետք իր բոլոր ըրածը տեսնելով ըսաւ «ահա շատ բարի է: Ծննդոց 1,31 »     

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ որ երբ զարմանքով  եւ հմայքով երկինքի եւ աստերուն  կը սեւեռենք  մեր միտքը կ՝երթայ այդ գեղեցկութիւններուն հեղինակին: Տիեզերքն ու անոր   գեղեցկութիւնը՝ մարդ արարածին պարգեւուած թանկարժէք գանձ մըն է զոր  մարդը կանչուած է  զայն պաշտպանելու եւ մշակելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ որ  դէմ յանդիման կը գտնուինք տիեզերքի  բանալիի մը դիմաց որմէ կախեալ է տիեզերքի գոյատեւումը եւ այս բանալին Աստուծոյ դաշինքին ծրագիրն է: Աստուած ամէն ինչ մարդու տրամադրութեան տակ դրաւ այսպէս նաեւ մարդ արարածը կանչուած է ծնունդ տալու՝ կիսելու գեղեցկութիւնը:

Ան քաջալերեց կառուցել աշխարհը մը,  ուր ծնունդ կ՝առնէ մարդկային յարաբերութիւններուն ցանց մը, որ  լաւագոյն դեղն է խտրականութեան բռնութեան որեւէ ձեւերուն դէմ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2019, 14:13