Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Փրկութեան բանակ»ի անդամներուն:

Մարդու սրտին խօսող եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւն վկայող սրբութիւնը ի յայտ կու գայ զօրակցական, ամոքումի եւ բարի գործունէութիւններուն ընդմէջէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 8 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Փրկութեան Բանակ»-ի մաս կազմող անդամներն ու կամաւորները:
Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Փրկութեան Բանակ-ի անդամներուն, կամաւորներուն, աղքատներուն, եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած ծառայութիւնը, Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով Սրբութեան իմաստին վրայ նշեց, թէ մարդուն սրտին խօսող եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւն վկայող սրբութիւնը ի յայտ կու գայ զօրակցական, ամոքումի եւ բարի գործունէութիւններուն ընդմէջէն:
Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ Սրբութեան հասարակաց վկայութիւնը նման է թթխմորին, որ կ՝աճի: Անշահախնդիր սէրն է, որ կը ներշնչէ կարիքաւորներու նկատմամբ ծառայութեան ժէսթերը, որոնք ոչ միայ նման են թթխմորին այլեւ կը նմանին՝ հազիւ փուռէն ելած հացի բոյրին:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը խօսքին մէջ ապա շեշտեց, թէ երիտասարդները կարիքը ունին այդ հացին բոյրին, որովհետեւ երիտասարդներուն փորձառութիւններուն մէջ յաճախ պակասը կայ այդ բոյրին:

Ան նշեց, թէ բաժանումներէ եւ եսասիրութենէ բնորոշուած այսօրուան աշխարհը կարիքը ունի ազնուական եւ անշահախնդիր սիրոյն, որ հակաթոյն է եւ ճամբայ կը բանայ մեր կեանքի իմաստին:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով Փրկութեան Բանակին անօճախներուն եւ մեկուսացեալներուն հանդէպ մատուցած ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ մարդավաճառութեան եւ ստրկութեան տարբեւր ձեւերուն դէմ մղած պայքարին համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2019, 12:47