Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբի անդամները:

Միջազգային Աստուածաբանական յանձնախումբը արդիւնքն է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 29 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային Աստուածաբանական յանձնախումբի անդամները, յանձնախումբի ստեղծման յոբելենական 50 ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորելով յանձնախումբի յոբելենական տարեդարձը, անդրադարձ կատարեց միջազգային Աստուածաբանական յանձնախումբի պատմութեան:

Ան նշեց, թէ  Պօղոս Զ Պապ, միջազգային Աստուածաբանական յանձնախումբը նկատած է իբրեւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի պտուղը, որուն նպատակն է կամուրջ ստեղծելԱստուածաբանութեան եւ կաթողիկէ վարդապետութեան միջեւ, եւ  որուն մեծապէս նպաստած են բազմաթիւ Աստուածաբաններ:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ վերջին հինգ տարիներուն յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն եւ աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններուն, որոնք կը  հային,  կեանքի ու եկեղեցւոյ առաքելութեան ներքեւ սինոդականութեան աստուածաբանութեան,  նկատել տալով,  որ այդ նիւթը իրեն սրտին խօսող նիւթ է ընդգծելով, որ սինոդականութիւնը ապրելակերպ եւ միասնաբար ընթանալ է:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց յանձնախումբին կրօնական ազատութեան մասին հրապարակած փաստաթուղթերուն: Ան նշեց, որ կրօնական ազատութեան նկատմամբ անկեղծ յարգանքը՝ մշակուած կրօններուն եւ պետութեան միջեւ ինչպէս նաեւ տարբեր կրօններու միջեւ՝ արդիւնաբեր երկխօսութեամբ, մեծապէս կը նպաստէ բոլորի բարիքին եւ խաղաղութեան:

 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ապա նկատել տուաւ, որ յանձնախումբի աշխատանքը կը համապատասխանէ Սուրբ Պօղոս Պապին դիտաւորութեան: 

Պօղոս Զ Քահանայապետը ընդառաջելով սինոդական հայրերուն առաջարկներուն ուզեց, որ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ Աստուածաբաններու միջեւ գործակցութեան արդիւնաբեր աշխատանքները շարունակուին: Սուրբ Պողօս Զ Պապին փափաքն էր, որ մշակութային բազմազանութիւնը եւ եկեղեցական ապրումները հարստացնեն Սուրբ Աթոռի հաւատոյ ժողովի յանձնած առաքելութիւնը: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով, որ տարբեր երկիրներէն եւ մշակոյթներէ ժամանած Աստուածաբանները միջնորդներ հանդիսացան հաւատքի եւ մշակոյթներուն միջեւ եւ անոնք մաս  կազմեցին եկեղեցւոյ էական առաքելութեան, որ է աւետարանումը ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով, որ տակաւին շատ աշխատանքներ կան կատարելիք:

Ան ապա յորդորեց, որ բարի աստուածաբանութիւն կատարելու համար պէտք չէ մոռնալ երկու ծաւալներ, առաջին՝ հոգեւոր կեանքը, նշելով որ լոկ մշտական եւ հեզ աղօթքով ու Սուրբ Հոգիին հանդէպ բաց գտնուելով կարելի է հասկանալ եւ թարգմանել Բանը եւ կատարել Աստուծոյ կամքը:  

Երկրորդ եկեղեցական կեանք. զգալ Եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցւոյ հետ: Եղբայրական անուշութեամբ որոնել ճշմարտութիւնը: Չէ կարելի Աստուածաբանութիւն կատարել իբրեւ անհատներ, այլ հասարակութեան մէջ՝ տարածելու համար Աւետարանի բարի համը,  եղբայրներուն եւ քոյրերուն անուշութեամբ ու յարգանքով ըսաւ   Ֆրանչիսոկս Պապ, Ան ապա  խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով միջազգային Աստուածաբանական յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն համար մաղթելով, որ Տիրամօր օգնութեամբ եւ ուրախութեամբ յարատեւեն իրենց առաքելութեան մէջ: Ան ապա Փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց , որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2019, 11:10