Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Ներառական դրամատիրութեան համար» խորհուրդի անդամներուն:

« իսկական զարգացում մը չկրնար բաւարարուիլ լոկ տնտեսութեան աճումով, այլեւ նպաստելով իւրաքանչիւր մարդ անհատի զարգացման:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 11 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ներառական դրամատիրութեան համար» խորհուրդի կողմէ  գումարուած ժողովին մասնակիցները: Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք խորհուրդի բոլոր անդամները, վերյիշեց երեք տարի առաջ -Fortune-Time Global Forum- համագումարի մասնակիցներուն  փոխանցած  պատգամէն հատուած մը,  որուն մէջ  շեշտած էր  ներառական եւ հաւասար տնտեսական ձեւերու կարեւորութիւնը,  որ թոյլ կու տայ իւրաքանչիւր անհատին ունենալու աշխարհէ հարստութիւններէն բաժին մը ՝իրականացնել կարենալու համար իր սեփական կարողութիւնները:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց 2016 համագումարին, որուն արդիւնքն է նաեւ նշեալ ներառական դրամատիրութեան խորհուրդը  եւ   որուն նպատակն է,  դրամատիրութիւնը վերածել ներառական միջոցի մը՝ մարդկութեան  բարօրութեան ի խնդիր եւ այս կատարելու համար Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց շրջանցել բացառական տնտեսականութիւնը    եւ նուազեցնել այն բացը,  որ  կը բաժնէ մարդոց մեծ մասը,   այն բարգաւաճումներէն, որոնք քիչ մարդիկ կը վայելեն:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ համաշխարհային գետնի վրայ աղքատութեան  մակարդակի աճումը վկայութիւն է այն բանին,  որ անհաւասարակշռութիւնը կը գերիշխէ անձերուն եւ ազգերու միջեւ համերաշխ համալրման հարցին վրայ:

Ան Անհրաժեշտ նկատեց  արդար  եւ վստահելի տնտեսական համակարգի  մը ստեղծումը  որ կարող է պատասխանելու  մարդկութեան եւ մոլորակ երկրի  դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներու:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց խորհուրդի անդամները յարատեւելու զօրակցական երկար ուղիին վրայ եւ աշխատելու՝ իրականացնելու համար տնտեսականութեան մը , որ կը նպաստէ բոլոր մարդ էակներուն:

Նորին Սրբութիւնը  ապա յիշելով Սուրբ Պօղոս Զ Պապին խօսքը « իսկական զարգացում մը չկրնար բաւարարուիլ լոկ տնտեսականութեան աճումով,  այլեւ պէտք է նպաստել իւրաքանչիւր մարդու զարգացման-  եզրափակեց իր խօսքը ընդգծելով սիրտերու եւ միտքերուն վերանորոգումի կարեւորութիւնը , որպէսզի  իւրաքանչիւր մարդկային անհատ,   կեդրոն հանդիսանայ  ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական կեանքէն ներս:

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին սոյն հանդիպումի համար շնորհելովբոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2019, 12:00