Որոնել

Պուրքին ֆասոյէն առնուած լուսանկար: Պուրքին ֆասոյէն առնուած լուսանկար: 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Պուրքինա Ֆասոյի ի սպաս:

Երկիրը ժամանակէ մը ի վեր բռնութիւններու թիրախ դարձած է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տուած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց Պուրքինա Ֆասոյի ի սպաս:

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը.

Ունկնդրէ լուրը

«Յատուկէն իմ միտքս կ՝երթայ սիրելի Պուրքինա Ֆասօ երկիրը, որ  ժամանակէ ի վեր թիրախ է բռնութիններու եւ ուր վերջերս ահաբեկչական արարքի հետեւանքով մահացած են 100 անձ:

Բոլորը զոհերը Տիրոջ կը յանձնեմ եւ կոչ կ՝ընեմ, որպէսզի չպակսին խոցելիներուն ի սպաս պաշտպանութիւնը ու կը քաջալերեմ քաղաքացիական , կրօնաւորական իշխանութիւնները ինչպէս նաեւ  բարի կամքէ ոգեւորուած մարդիկը, բազմապատկելու իրենց ջանքերը՝ Ապու Տապի մարդկային եղբայրութեան հոգիով, խթանելու համար միջկրօնական երկխօսութիւնն ու համերաշխութիւնը :»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2019, 10:27