Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը «աստղերու երեկոյ Մանուկ Յիսուսին համար» ձեռնարկի մասնակիցներուն:

Ձեռնարկը նուիրուած է Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի յոբելենական 150 ամեակին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց,  Հռոմի «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանի հիմնադրութեան յոբելենական 150 ամեակի առթիւ կազմակերպուած   «աստղերու երեկոյ Մանուկ Յիսուսին համար» ձեռնարկի մասնակիցներուն:  Զօրակցական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս:

Շնորհաւորական պատկերասփռուած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ հիւանդ մանուկներու հետ հանդիպումի ժամանակ, իր ապրած յուզումներուն, ընդգծելով որ ան որ խնամք կը տանի  մանուկներուն այդ անձը Աստուծոյ կողմէ է:

Ան յիշեց բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, գիտնականներուն նուիրուածութիւնը ու գորովը նկատել տալով որ մանուկներու տառապանքը, ամենէն ծանր հանդուրժելիք իրողութիւն մըն է սակայն ան որ մօտիկ է եւ խնամք կը տանի մանուկներու  Աստուծոյ կողմէ է  եւ յաղթահարէ  մնացորդաց մշակոյթին:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանը իր առօրեայ խնամակալական եւ բարեսիրական գործունէութեամբ նշան կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ եղբայրսիրութեան, որ միշտ գտնուած է տկարներուն եւ բեկանելիներուն ծառայութեան ներքոյ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց, որ  մանուկ Յիսուս հիւանդանոցը հիմնուած է 1859-ին, եւ  ան սիրոյ պարգեւ մըն է նուիրուած Հռոմի հիւանդ մանուկներուն: Հիւանդանոցի մէկը ու կէս դար ետք իր  արձանագրած յաջողութիւնները դարձած է Եւրոպայի եւ աշխարհի լաւագոյն մանկաբուժարաններէն մին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 10:00