1574552662367.JPG

«Ոչ մէկը կարող է անտարբեր մնալ միլիոնաւոր մարդոց ու կիներու ցաւերուն դիմաց» Ֆրանչիսկոս Պապ Նակազաքիի մէջ։

«Խաղաղ աշխարհ մը, ազատ միջուկային զէնքերէն, ամէն վայրի միլիոնաւոր մարդոց ու կիրերուն ձգտումն է» նկատել տուաւ Քահանայապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կիրակի 24 նոյեմբերի առաւօտեան Թոքիոյէն մեկնելով փոխադրուեցաւ 1945ի նոյեմբեր 9-ին ադոմական ռումբի թիրախ  Նակազաքի քաղաք, ուր ժամանեց երկու ժամ տեւող թռիչքէ ետք եւ ուղղուեցաւ Նակազաքիի «Աթոմիք Պոմպ Իփոսենդեր»  յուշահամալիր, որ կը գտնուի նակազաքիի Խաղաղութեան Այգիին ներքոյ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Նակազաքիի կառավարիչին ու քաղաքապետին կողմէ մինչ ադոմական ռումբի երկու զոհեր Սրբազան Պապին նուիրեցին ծաղկեփունջ մը զոր ան զետեղեց Յուշակոթողի ոտքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ վարեց մոմ մը ու լռութեամբ աղօթեց յուշակոթողի դիմաց։ Աղօթքէն ետք Ան իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն՝ որուն առանցքը կազմեց ադոմական ռումբը ու զինաթափումը։

«Մարդու սրտին ամենախոր իղձերէն մին է խաղաղութեան եւ կայունութեան իղձը»

Արտասանած ճառին սկիզբը Սրբազան Պապը հաստատեց թէ «այս վայրը մեզ իրազեկ կը դարձնէ թէ որքան  ցաւ ու սարսափ կարող ենք պատճառել մենք մեզի որպէս մարդ էակներ», աւելցնելով որ «մարդու սրտին ամենախոր իղձերէն մին է խաղաղութեան եւ կայունութեան իղձը», այս ուղղութեամբ շեշտելով որ միջուկային ռումբերու ու այլ զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տիրապետելը չի կրնար լաւագոյն պատասխանը հանդիպանալ այդ իղձին։

Քահանայապետը ակնարկեց աշխարհին ապրած հակասութիւններուն որ կ՛ուզէ պաշտպանել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը հիմնուելով սուտ ապահովութեան մը վրայ,  վախի ու անվստահութեան մտածելակերպի մը վրայ,  որ աւելիով կը թիւնաւորէ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները ու արգելք կը հանդիսանայ  երկխօսութեան կարելիութեան։

“«Այսօրուայ աշխարհին մէջ ուր միլիոնաւոր մանուկներ եւ ընտանիքներ կ՛ապրին անմարդկային պայմաններու մէջ, զէնքերը արտադրելու, պահելու եւ ծախելու ծախսուած դրամներն ու դիզուած հարստութիւնները երկինք աղաղակող մշտական ահաբեկութիւն են»”

«Միջազգային Խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարելի է միայն եթէ հիմնուի համագործակցութեան ու զօրակցութեան համաշխարհային բարոյականութեան մը վրայ, որ ծառայէ այսօրուայ եւ ապագայի համայն մարդկութեան ապագային, ձեւաւորուելով  փոխկախուածութեան ու ընդհանուր համապատասխանատուութեան հիման վրայ»  ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դատապարտելով «սպառազինումի մրցավազքը», ու զէնքերու արտադրումին համար ծախսուած գումարնեը՝ զանոնք նկատելով «երկինք աղաղակող մշտական ահաբեկութիւն», մինչ միլիոնաւոր մանուկներ ու ընտանիքներ  կը շարունակեն ապրիլ տմարդակային պայմաններու մէջ։

«Միջուկային զէնքի սպառնալիքի դէմ մեր պատասխանը պէտք է ըլլայ հաւաքական եւ գործնական»

«Խաղաղ աշխարհ մը, ազատ միջուկային զէնքերէն, ամէն վայրի միլիոնաւոր մարդոց ու կիրերուն ձգտումն է» նկատել տուաւ Քահանայապետը աւելցնելով որ այդ իտէալական ձգտումը իրականութիւն դարձնելը կը պահանջէ բոլորին մասնակցութիւնը՝ մարդոց, կրօնական հասարակութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութիւններուն ու միջուկային զէնք ունեցող եւ չունեցող պետութիւններուն,  ռազմական ու մասնաւոր ոլորտներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն։

«Միջուկային զէնքի սպառնալիքի դէմ մեր պատասխանը պէտք է ըլլայ հաւաքական եւ գործնական» յարեց ապա Սրբազան Պապը այս ծիրէն ներս ընդգծելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը՝ ժողովուրդներու եւ ազգերու միջեւ խաղաղութեան խթանման ճանապարհով, այդ մէկը նկատելով նաեւ պարտականութիւն՝ Աստուծոյ ու աշխարհի բոլոր մարդոց ու կիներուն նկատմամբ ու կոչ ուղղելով չի յոգնելու երբեք պայքարելու ու գործելու զինաթափումի ի նպաստ։

Այդ ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը ակնարկեց Ճափոնի եպիսկոպոսներու կոչին՝ վերացնելու համար միջուկային զէնքերը, ինչպէս նաեւ օգոստոս ամսուայ ընթացքին Ճափոնի Եկեղեցւոյ ամէն տարուայ ձեռնարկած  խաղաղութեան նուիրուած տասնօրեայ աղօթքին,  մաղթելով որ այդ աղօթքը ու համաձայնութիւններու խթանումը հանդիսանան «զէնքը»՝ որուն վրայ վստահելով կարելի ըլլայ կառուցել արդարութեան ու զօրակցութեան աշխարհ մը, որ իսկական երաշխիք ըլլայ խաղաղութեան։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքական առաջնորդներուն, հրաւիրելով  զանոնք մտածել թէ միջուկային զէնքերը  կարող չեն մեզ պաշտպանել մեր ժամանակուայ ազգային ու միջազգային սպառնալիքներէն ու ի միտ ունենալու անոնց աղէտալի հետեւանքները, ապա լրջօրէն խորհրդածել թէ ինչպէս այդ զէնքերու յատկացուած կենսամիջոցները, աւելի նպաստաւոր կ՛ըլան եթէ ծառայեն իրականացնելու համար 2030 կայուն զարգացման ծրագիրը։

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին խաղաղութեան աղօթքը.

«Ոչ մէկը կարող է անտարբեր մնալ միլիոնաւոր մարդոց ու կիներու ցաւերուն դիմաց» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը. ոչ մէկը կարող է ինքզինք խուլ ձեւացնել եղբօր աղաղակին դիմաց ու ոչ մէկը կարող է կոյր ձեւանալ երկխօսութիւն հաստատելու անկարող մշակոյթի մը աւերներուն դիմաց» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով բոլորը ամէն օր աղօթելու խիղճերու դարձին համար ու կեանքի մշակոյթին, եղբայրութեան ու հաշտութեան յաղթանակին համար։ «Եղբայրութիւն մը որ կարող ըլլայ ճանչնալ ու երաշխաւորել տարբերութիւնները՝ միասնական ճակատագրի մը փնտռտուքի ի նպաստ» յարեց Քահանայապետը ու բոլորին մասնակցութեամբ արտասանեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին խաղաղութեան աղօթքը.

Տէր  Աստուած  իմ, ինձ  դարձուր քու խաղաղութեանդ  գործիք  .

ուր  ատելութիւն  կայ,  ես  սէր  տարածեմ.

ուր  վիրաւորանք  կայ,  ես  ներում  հասցնեմ.

ուր  կասկած  կայ,  ես  հաւատքը  տանիմ.

ուր  յուսահատութիւն  կայ,  ես  յոյսը  սփռեմ.

ուր  խաւարը  կայ,  ես  Քու  լոյսդ  շողացնեմ.

ուր  տրտմութիւն  կայ,  ես  բերկրանք  տարածեմ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2019, 03:00