Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց՝ Քանթըրպուրրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպին։ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց՝ Քանթըրպուրրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպին։  

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց՝ Քանթըրպուրրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպին։

Սրբազան Քահանայապետն ու Քանթերպուրրիի առաջնրդը համաձայնեցան Հարաւային Սուտանը այցելել միասնաբար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

13 նոյեմբերի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Քանթըրպուրրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպիին ու անոր ընկերացող Հռոմի Անկլիքան Կեդրոնի տնօրէն Արքեպիսկոպոս Եան Էրնեսթին։

Ունկնդրէ լուրը

Բարեկամական զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու պայմաններու մասին ու միջազգային մի քանի տագնապներու մասին, շեշտը դնելով յատկապէս Հարաւային Սուտանի ապրած ցաւալի իրավիճակին վրայ։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետն ու Քանթերպուրրիի առաջնրդը համաձայնեցան թէ եթէ երկրին քաղաքական իրավիճակը թոյլ տայ յառաջիկայ 100 օրերուն, Ուկանտայի  Էնթէպպէյի մէջ ստորագրուած համաձայնութեան հիման վրայ ազգային միասնութեան անցումային կառավարութեան մը ստեղծումը, իրենց նպատակն է Հարաւային Սուտանը այցելել միասնաբար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2019, 08:00