Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց  Կիպրոսի նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Կիպրոսի նախագահը։  

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Կիպրոսի նախագահը։

Անդրադարձ կատարուեցաւ Կիպրոսի ներքին հարցերուն շուրջ, ի մասնաւորէ կղզիին միացումին նպատակով՝ երկխօսութեան ցանկալի վերսկսումին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երկուշաբթի 18 նոյեմբեր 2019ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տիար Նիքոս Անասթասիատէսին, որ Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը՝ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այս առթիւ հրապարակած  հաղորդագրութեամբ որուն մէջ նշուած է նաեւ որ հանդիպումներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Կիպրոսի միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները ու անդրադարձ կատարուեցաւ  Կիպրոսի  ներքին հարցերուն  շուրջ, ի մասնաւորէ  կղզիին միացումին նպատակով՝ երկխօսութեան ցանկալի վերսկսումին։

Ի մէջ այլոց անդրադարձ կատարուեցաւ  երկու կողմերը  հետաքրքրող  հարցերու շուրջ ինչպիսի են գաղթականներու հիւրընկալութիւնը ու անոր կապուած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութիւնն ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։

Ի վերջոյ շեշտը դրուեցաւ Միջերկրականի արեւելեան շրջանի ու համայն տարածաշրջանին վրայ, ի յայտ դնելով խաղաղութեան ու կայունութեան խթանումին հարկաւորութիւնը՝  երկխօսութեան ու բանակցութիւններու միջոցաւ՝ մարդու իրաւունքներու յարգանքի ու միջազգային օրէնսդրութեան հիման վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 12:42