Ֆրանչիսկոս Պապ Ճափոնի «Սքոլաս Օքուրէնդէսի» երիտասարդներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապ Ճափոնի «Սքոլաս Օքուրէնդէսի» երիտասարդներուն հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպած է Ճափոնի «Սքոլաս Օքուրէնդէսի» երիտասարդներուն հետ։

Իմաստութիւն չի նշանակեր մտքեր յղանալ այլ արտայայտուիլ երեք ոճերով՝ մտքի, սրտի ու ձեռքերու ոճերով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 25 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Թոքիոյի առաքելական նուիրակութեան պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ճափոնի «Սքոլաս Օքուրէնդէս» Քահանայապետական հիմնարկի  ծրագիրներուն հետեւող երիտասարդներուն հետ, եւ անոնց հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նախ ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել անոնց տուած վկայութեան համար ու ստեղծագործ ըլլալուն համար, ապա պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն Ան դիտել տուաւ որ իմաստութիւնը չի նշանակեր մտքեր յղանալ այլ արտայայտուիլ երեք ոճերով՝ մտքի, սրտի ու ձեռքերու ոճերով։

 

[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]«Երբ անոնք օգտագործուին ներդաշնակութեամբ մարդը կը դառնայ ստեղծագործ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու քաջալերեց երիտասարդները շարունակելու ըլլալ ստեղծագործ եւ արկածախնդիր ու չի փակուիլ իրենք իրենց մէջ»։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Հայրը օրհնեց ձիթենիի ծառ մը ու յուշատախտակ մը որոնք պիտի զետեղուին Սքոլաս Օքուրէնդէսի նոր կեդրոնին մէջ որուն բացումը կատարուեցաւ նոյն օրը։

Յայտնենք թէ 2013-էն ''Քահանայապետական'' տիտղոս վայելող Սքոլաս Օքուրէնդէս հիմնարկը կը գործէ 190 երկիրներուն մէջ եւ ունի 500 հազարէ աւելի հաստատութիւններ ու դաստիարակչական ցանցեր։ Անոր նպատակն ու երազն է՝ խթանել հանդիպումի մշակոյթը ու աշխարհը դարձնել առանց պատերու դասարան մը, ուր բոլոր մանուկները, ու յատկապէս աղքատ մանուկները, կարողանան ապրիլ ու գործել խաղաղութեան ու հասարակաց բարիքի նշանին տակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2019, 11:55