Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Թայլընտի ճամբորդութիւնը եւ վաղը կ՛ուղղուի Ճափոն։

«Ձեզի կը թողում պարտապանութիւն մը. մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պանքոկի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած պատարագով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց առաքելական միջազգային 32րդ ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը ու վաղը՝ 23 նոյեմբերին, հրաժեշտ առնելով Թայլընտէն կը փոխադրուի Ճափոն։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան Թայլընտ այցելութիւնը պատրաստելու ու զայն իրականութիւն դարձնելու համար։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ռամա Ժ Թագաւորին ու Թայլընտի իշխանութիւններուն իրեն  վերապահած հոգատար ընդունելութեան համար ու շնորհակալ եղաւ նաեւ իր եղբայր եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, հաւատացեալներուն ու յատկապէս երիտասարդներուն։

Սրբազան Պապը շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ բոլոր կամաւորներուն ու բոլոր անոնց որոնք իրեն ընկերացան աղօթքով ու զոհողութիւններով, «յատկապէս հիւանդներն ու բանտարկեալները» ըսաւ Ան ու խօսքը եզրափակեց հայցելով որ Տէրը իր մխիթարութեամբ ու խաղաղութեամբ վարձատրէ բոլորը։

«Ձեզի կը թողում պարտապանութիւն մը. մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով բոլորէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2019, 12:30