Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին  հանդիպումը “Rosario Livatino” ուսումնական կեդրոնի  անդամներուն Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը “Rosario Livatino” ուսումնական կեդրոնի անդամներուն 

Ֆրանչիսկոս Պապին “Rosario Livatino” ուսումնական կեդրոնի անդամներուն ուղղած ճառը։

Լիվաթինոն վկայեց թէ որքանով արդարութեան բնական առաքինութիւնները պահանջը ունին կատարուելու իմաստութեամբ եւ հեզութեամբ, միշտ ի միտ ունենալով մարդ անհատի արժանապատուութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 29 նոյեմբեր 2019ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց՝ 1990-ի սեպտեմբեր 21-ին ՄաՖիայի ձեռքով սպաննուած 38 ամեայ դատաւոր Ռոզարիօ Լիվաթինոյի անուան ուսումնական կեդրոնի  անդամներուն ու անոնց արտասանած ճառին մէջ վերյիշեց թէ ինչպէս իր նախորդը՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, 9 մայիս 1993-ին հանդիպած էր անոր ծնողաց ու զայն ներկայացուցած էր որպէս «արդարութեան եւ անուղղակի կերպով հաւատքի մարտիրոս»։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը մատնանշեց նաեւ Լիվաթինոյի սրբադասման դատին, «որուն թեմական գործընթացքը հասած է իր աւարտին» ըսաւ Ան ու ակնարկեց  Ռոզարիօ Լիվաթինոյի կեանքին ու անոր դատաւորի աշխատանքին, «զոր ան կը կատարէր մեծ արհեստավարժութեամբ ու շօշափելի արդիւնքներով, ու ասոր համար է որ մաֆիան որոշեց սպաննել զայն», յարեց Քահանայապետը, նկատել տալով որ ան օրինակ էր բոլոր անոնց որոնք կը գործեն օրէնքի ոլորտէն ներս, ըլլայ իր հաւատքի ու աշխատանքի միջեւ հետեւողականութեան համար, ըլլայ իր  արտացոլումներու արդիականութեան համար։

Քահանայապետը մէջբերեց դատաւոր Լիվաթինոյի հեշտամահի մասին նկատառումները՝ ուր ան չէր զլանար օրէնսդրութեան մէջ եւս բացայայտելու իր հաւատացեալի դիրքը, ի նպաստ կեանքի սրբութեան ու անոր պաշտպանութեան իրաւունքին։

«Ռոզարիօ Լիվաթինոն արդարութիւնը մատակարարող անձերուն  բարոյական կարգավիճակը  այսպէս կը նկարագրէ» ըսաւ Սրբազան Պապը. «Ան ուրիշ բան չէ եթէ ոչ այն Պետութեան աշխատակիցը, որուն յանձնուած է յատուկ պարտականութիւնը կիրառելու օրէնքները, որ այդ ընկերութիւնը ինքնիրեն սահմանած է սեփական իշխանութիւններու միջոցաւ»։

«Այս նիւթին շուրջ եւս Լիվաթինոյի արդիականութիւնը զարմանալի է» աւելցուցՆորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ Ան կանխատեսած էր նշանները այն իրականութեան զոր կ՛ապրինք այսօր, այսինքն դատաւորին՝ իր ոլորտի սահմաններէն անդին կատարած խախտումներու արդարացումը…«Եւ Լիվաթինոն վկայեց թէ որքանով արդարութեան բնական առաքինութիւնները պահանջը ունին կատարուելու իմաստութեամբ եւ հեզութեամբ, միշտ ի միտ ունենալով մարդ անհատի արժանապատուութիւնը»։

Ճառին Աւարտին Սրբազան Հայրը նշեց թէ Ռոզարիօ Լիվաթինոն բոլորին թողուց լուսաւոր օրինակ՝  թէ ինչպէս  հաւատքը կարող է լիապէս արտայայտուիլ քաղաքացիական հասարակութեան ծառայութեան ու անոր օրէնքներու ծառայութեան մէջ, ու թէ ինչպէս Եկեղեցւոյ հնազանդիլը կարող է համատեղուիլ Պետութեան հնազանդութեան հետ, «յատկապէս այն կարեւոր եւ նուրբ առաքելութեան մէջ որ է՝  յարգել տալ ու կիրառել օրէնքը», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «համաձայնութիւնը քաղաքացիական ընկերութիւնը կազմող  ազատ մարդոց միջեւ կապն է» ու հրաւիրելով ներկաները  «սատարելու այդ համաձայնութեան կառուցումին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց ակնարկելով Լիվաթինոյի  գրութիւններուն տակ յայտնաբերուած «sub tutela Dei» նախադասութեան, բոլոր ներկաներուն  մաղթելով  որ իրենք եւս ուղեւորութիւնը շարունակեն անոր հետքերուն վրայ, այդ կեանքի ու գաղափարականի դպրոցին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2019, 11:14