Ֆրանչիսկոս Պապը կէսօրուան ճաշը կիսեց 1500 կարիքաւորներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը կէսօրուան ճաշը կիսեց 1500 կարիքաւորներուն հետ 

Աղքատներու Համաշխարհային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը կէսօրուան ճաշը կիսեց 1500 կարիքաւորներու հետ։

Ընտանեկան մթնոլորտով կայացած ճաշը կ՛ընդգրկէր իտալական լազանիան, սունկի թացանով հաւ, գետնախնձոր, անուշեղէն, մրգեղէն եւ սուրճ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 նոյեմբեր 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած աղքատներու համաշխարհային օրուան առիթով, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ նախ մատուցեց աղքատներու համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը որմէ ետք իր գրասենեակի  պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն աւանդական Մարեմեան աղօթքը հուսկ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կէսօրուան ճաշը կիսեց 1500 կարիքաւորներուն հետ։

«Ձեզի կ՛ըսեմ բարի եկաք եւ շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար։ Կը հայցեմ որ այսօր Տէրը օրհնէ բոլորս. Աստուած օրհնէ այս բարեկամներու հաւաքը, այս ճաշը ու ձեր ընտանիքները։ Տէրը օրհնէ բոլորը։ Շնորհակալութիւն եւ բարի ախորժակ։ Այս բառերով է որ Քահանայապետը ընկալեց իր հիւրերը ու անոնց ծառայող 50 կամաւորները։

Ընտանեկան մթնոլորտով կայացած ճաշը կ՛ընդգրկէր իտալական  լազանիան, սունկի թացանով հաւ, գետնախնձոր, անուշեղէն, մրգեղէն եւ սուրճ։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 08:00