Որոնել

Քրիստոնէական պատմական գետնադամբան Քրիստոնէական պատմական գետնադամբան 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել ու յիշատակել մեռեալները։

Ամենայն սրբոց տօնը եւ օր մեռելոցը մեզի կը յիշեցնեն կապը որ կայ երկրի եկեղեցւոյ ու երկնքի եկեղեցւոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ կապը՝ մեր ու անդենական աշխարհ փոխադրուած մեր սիրելիներուն միջեւ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ մէկ նոյեմբեր 2019-ի կէսօրին, Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով՝ «Տոն Պոսքոյի առաքելութիւն» հիմնարկին նախաձեռնած  «Սուրբերու Վազք»ին մասնակցողներուն ու շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ժողովրդապետութիւններուն ու հասարակութիւններուն որոնք այս օրերուն աղօթքի ձեռնարկներ կը կազմակերպեն՝ տօնախմբելու համար Ամենայն Սրբոց տօնը ու յիշատակելու նաեւ մեռեալները։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս երկու քրիստոնեայ տօները մեզի կը յիշեցնեն կապը որ կայ երկրի եկեղեցւոյ ու երկնքի եկեղեցւոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ կապը՝ մեր ու անդենական աշխարհ փոխադրուած մեր սիրելիներուն միջեւ» ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը յայտնելով թէ վաղը՝ 2 նոյեմբերին, որ ըստ լատինաց օր մեռելոց է,   Փրիշիլլայի  անուան պատմական գետնադամբանին մէջ պիտի մատուցէ սուրբ պատարագը։

Այս ուղղութեամբ  Սրբազան Պապը  հրաւէր ուղղեց  հաւատացեալներուն այցելելու գերեզմանները ու աղօթելու մեռեալներուն համար, «մանաւանդ այս օրերուն ուր կը տարածուին մահուան ու մեռեալներու  մասին ժխտական մշակոյթի պատգամներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու  խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի տօն եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ  չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2019, 12:15