Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլնըտի Պուտտիսթ տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլնըտի Պուտտիսթ տաճարին մէջ 

«Կրօնները խթանելու են խաղաղութիւնն ու եղբայրութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պուտտիսթներու Պատրիարքին հետ։

Սրբազան Պապը յարգանքի տուրք մատուցեց «ժպիտի ժողովուրդին» ու ընդգծեց կրօններու դերակատարութեան կարեւորութիւնը հանդիսանալու յոյսին եւ եղբայրութեան երաշխաւորները»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին ու Թայլընտի Պուտտիսթներու աւագ Պատրիարքին միջեւ հանդիպումը հանդիսացաւ Պուտտիսթներու ու Կաթողիկէներու միջեւ յարգանքի եւ  բարեկամութեամբ յատկանշուած հանդիպում, զոր տեղի ունեցաւ 21 նոյեմբերի առաւօտեան, Պանքոկի Պուտտիսթներու աւագ տաճարին մէջ (Հռոմի ժամով առաւօտեան 4-ին)։

Ունկնդրէ լուրը

Այդ առթիւ սպաներէն արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յարգանքի տուրք մատուցեց «ժպիտի ժողովուրդին» ու ընդգծեց կրօններու դերակատարութեան կարեւորութիւնը հանդիսանալու յոյսին եւ եղբայրութեան երաշխաւորները»։

Ակնարկելով Պուտտայական կրօնին ուսուցումներուն Քահանայապետը յիշեց Պօղոս Զ Քահանայապետէն սկսեալ Քահանայապետերու եւ Պուտտիսթ հասարակութեան միջեւ բարեկամական կապերն ու երկխօսութիւնը, ու յատկապէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Թայլընտի Պուտտիսթներու տաճար այցելութիւնը, որ «խթանեց, ըսաւ Սրբազան Պապը, ընթացք առած երկխօսութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ակնարկեց «փոքրիկ քայլերու» կարեւորութեան, ու «հանդիպումի մշակոյթ» մը ի գործ դնելու կարելիութեան։

Երբ հնարաւորութիւնն ունինք զիրար ճանչնալու ու իրար գնահատելու, նոյնիսկ տարբերութիւններուն մէջ, աշխարհին կը նուիրենք յոյսի խօսք մը՝ որ կարող է քաջալերել ու թիկունք կանգնիլ անոնց որոնք աւելիով տուժած են բաժանումներու հետեւանքէն։ Այսպիսի հնարաւորութիւններ մեզի կը յիշեցնեն թէ որքան կարեւոր է որ կրօնները միշտ աւելիով յայտնուին որպէս յոյսի փարոսներ ու եղբայրութիւն խթանող ու երաշխաւորողներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Թայ Ժողովուրդին որ չորս ու կէս դարեր առաջ հիւրընկալած էր «քրիստոնէութիւնը», ու կաթողիկէները կարողացած էին ապրիլ ներդաշնակութեան մէջ, վայելելով կրօնական ազատութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ վստահեցուց համայն եկեղեցւոյ յանձնառումը այդ ուղիին վրայ ամրապնդելու համար բաց ու յարգալիր երկխօսութիւնը՝ ի նպաստ խաղաղութեան ու ժողովուրդի բարեկեցութեան։ Ան ապա յոյս յայտնեց որ միասին քալելով կարելի ըլլայ միասնաբար մշակել  նոր ծրագիրներ ի նպաստ աղքատներուն ու հասարակաց տան յարգանքին, նպաստելով գթութեան, եղբայրութեան ու հանդիպումի մշակոյթի մը կազմաւորումին։

Պուտտիսթներու Պատրիարքը եւս խօսեցաւ բարեկամութեան, յարգանքի ու գնահատանքի մասին, հանդիպումը նկատելով «պատմական» ու «վկայութիւն՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու Սանկհայի միջեւ սքանչելի բարեկամութեան»։

«Ձեր այս այցը Նորին Սրբութիւն նոր բարեկամի մը այցը չէ, այլ իսկական բարեկամի այց է» ըսաւ Պուտտիսթներու պատրիարքը որ ապա գնահատեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեցուածքը Թայլընտի մէջ, որ ըսաւ Ան «չէ եկած բռնագրաւելու այլ օգնելու»։ Այս խօսքին պատասխանելով Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ «մենք եղբայրներ ենք ու կարող ենք սատարել աշխարհի խաղաղութեան հաստատումին»։

Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը Պատրիարքին նուիրեց «Ապու Տապիի մարդկային եղբայրութեան» փաստաթուղթը, շեշտելով որ հարկաւոր է գործել միասին որպէսզի մեր մարդկութիւնը միշտ աւելիով եղբայրական ըլլայ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 09:00