Հանգուցեալ կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն նուիրուած Սուրբ պատարագ Վատիկանի մէջ։ Հանգուցեալ կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն նուիրուած Սուրբ պատարագ Վատիկանի մէջ։  

Հանգուցեալ կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն նուիրուած Սուրբ պատարագ Վատիկանի մէջ։

«Lաւ պիտի ըլլայ մեր հայեացքը ուղղելով ապագային՝ յարութեան, ընտրանքներ կատարենք որոնք ունենան յաւէրժութեան եւ սիրոյ համը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 4 նոյեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախագահեց հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագին, որ նուիրուած էր վերջին տարւոյն ընթացքին մահացած կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն դիտաւորութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Ննջեցեալ 13 Կարդինալներու շարքին է  նաեւ Մարոնիներու երբեմնի Պատրիարք՝ Կարդինալ Նասրալլահ Սֆէյրը մինչ մահացած եպիսկոպոսներուն թիւը կը հասնի 147-ի։

Սուրբ Զոհի ընթացքին ներկայացուցած յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, որոնք քաղուած էին Պօղոս Առաքեալի Փիլիպեցիներուն ուղղած նամակէն եւ Յովհաննէս աւետարանիչէն, հաստատեց թէ անոնք կը խօսին յարութեան մասին։

Արդարեւ Սուրբ Պօղոս նամակին մէջ կը գրէ որ մեր «քաղաքացիութիւնը երկնքի մէջ է» մինչ Յիսուս կը հաստատէ թէ «վերջին օրը յարութիւն պիտի առնենք»։

«Յիսուս հրաւէր կ՛ուղղէ իրեն երթալու (Յովհ 6, 37). Եւ այս կը նշանակէ երթալ Կենդանի Աստուծոյ մօտ, որպէսցի պատուաստուինք մահուան ու վախի դէմ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը զանազան հարցադրանքներ առաջարկելով, որպէսզի քննենք եթէ մեր ընթացքը շիտակ է թէ ոչ, ու եթէ մենք մեր առօրեային մէջ իրապէս կ՛ընթանանք դէպի Տէրը։

«Յիսուսի «Ով որ ինծի կու գայ դուրս չեմ հաներ զայն» նախադասութիւնը խռովութիւն կը յարուցէ։ Կարծես թէ նախատեսուած ըլլար քրիստոնեաներուն վտարումը։ Հաւատք ունեցողին համար չկայ այլ ճանապարհ, չի կարելի  Յիսուսին պատկանիլ եւ ինքնիր շուրջ դառնալ։ Այն որ Յիսուսին կը պատկանի կ՛ապրի դէպի դուրս՝ դիպի Իրեն  երթալով» ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով որ «համայն կեանքը դէպի դուրս ելլել է, մայրական արգանդէն սկսեալ, մանկութենէն դէպի պատանեկութիւն ու պատանեկութենէն դէպի չափահաս տարիք…մինչեւ կեանքէն դուրս գալը»։

«Այսօր մինչ կ՛աղօթենք մեր Կարդինալ ու եպիսկոպոս եղբայրներուն համար, որոնք դուրս եկան այս կեանքէն ուղղուելով դէպի Յարուցեալը, չենք կրնար մոռնալ ամենակարեւոր ու ամենադժուար դուրս գալու պարագան՝ այն է դուրս գալ մենք մեզմէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով որ «միայն մենք մեզմէ դուրս գալով է որ կը բացուի դուռը որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Տէրը»։

Հայցենք այս շնորհքը «Տէր կ՛ուզեմ քեզի երթալ, ամենօրեայ ճանապարհներուն ու ճանապարհակիցներու հետ միասին։ Օգնէ ինծի դուրս գալու ես ինձմէ, երթալու դէպի քեզ որ Կեանք ես»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա յարութեան հայող երկրորդ մէկ մտածումի մը քաղուած պատարագի ընթացքին ընթերցուած Մաքապացիներու գիրգէն քաղուած հատուածէն, ուր կը խօսուի վարձատրութեան մասին՝ «անոնց որոնք ննջեցին գթութեան զգացումներով»։

«Ուրիշներու նկատմամբ գթութիւնը յաւիտենականութեան դուռերը կը բանայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ «կարիքաւորներուն ծառայել կը նշանակէ նախասենեակ կատարել երկնքի համար» ապա  հաստատեց  որ «սէրը, եղբայրսիրութիւնը կամուրջ է որ երկիրը կը կապէ երկնքի» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց հարց տալ եթէ մենք կը քալենք այդ կամուրջին վրայէն։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Սուրբ Իգնատիոսի մէկ թելադրանքին որ կը հրաւիրէ որեւէ կարեւոր որոշում առնելէ առաջ մենք մեզ երեւակայել կեանքի վերջին օրը Աստուծոյ առջեւ։

«Այդ հեռանկարով առնուած կեանքի իւրաքանչիւր որոշում ուղիղ կը համարուի, որովհետեւ աւելի մօտ է Յարութեան, որ կեանքին նպատակն է» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «կեանքը կը չափուի իր աւարտէն» ու թէ «լաւ պիտի ըլլայ մեր հայեացքը ուղղելով ապագային՝ յարութեան, ընտրանքներ կատարենք որոնք ունենան յաւէրժութեան եւ սիրոյ համը»։

«Աշխարհի բազմաթիւ ձայներու ընդմէջէն որոնք կորսնցնել կու տան գոյութեան իմաստը, մենք մեզ դնենք յարուցեալ ու կենդանի  Յիսուսին կամքին տակ, որպէսզի մեր այսօրը դառնայ յարութեան արշալոյս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2019, 11:55