Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Նիզամի Կանժավի» հիմնարկի անդամները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Նիզամի Կանժավի» հիմնարկի անդամները։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Նիզամի Կանժավի» հիմնարկի անդամները։

Երկխօսութեան մշակոյթը մայր ճանապարհն է, համագործակցութիւնը ամենարդիւնաւէտ վարուելակերպը ու իրար ճանաչումը լաւագոյն ապրելակերպը՝ աճելու համար մարդոց ու ժողովատներու միջեւ եղբայրութեան մէջ (Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթ, 4 Փետրուար 2019)։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան նախ քան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորելը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ «Նիզամի Կանժավի» հիմնարկի անդամներուն հետ ու անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ գնահատանք արտայայտեց անոնց յանձնառումին համար՝ այժմէական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու աշխատանքին մէջ, ի միտ ունենալով խթանել խաղաղութիւնը, երկխօսութեան ու իրար յարգանքի հիման վրայ, ներշնչում քաղելով 12 դարու պարսիկ մեծ բանաստեղծի տեսլականէն, որուն անունը կը կրէ հիմնարկը։  

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց ապա որ անոնց կլիմայական փոփոխութիւններու մարտահրաւէրին տուած օժանդակութիւնը եւս պսակուի յաջողութեամբ ու քաջալերեց ներկաները յարատեւելու այդ ուղղութեամբ, այն համոզումով որ երկխօսութեան մշակոյթը մայր ճանապարհն է, համագործակցութիւնը ամենարդիւնաւէտ վարուելակերպը ու իրար ճանաչումը լաւագոյն ապրելակերպը՝ աճելու համար մարդոց ու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան մէջ (Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթ, 4 Փետրուար 2019)։

Քահանայապետը ողջոյնի խօսքը աւարտեց հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները անոնց աշխատանքին, անոնց ժողովուրդներուն ու համայն մարդկային ընտանիքին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2019, 09:53