Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Մենք կ՛ուզենք աշխարհի երեսէն վերացնել բռնութիւնը ու անչափահասներու նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Անչափահասներու արժանապատուութիւնը թուային աշխարհի մէջ» միջազգային հանդիպումի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 14 նոյեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց «Անչափահասներու արժանապատուութիւնը թուային աշխարհի մէջ» խորագիրով միջազգային հանդիպումի մասնակիցները։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Գիտութեան Ակադեմիայի մօտ 14 եւ 15 նոյեմբերին։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներու ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը շեշտեց նիւթին կարեկրութիւնը ու հարցերը դիմագրաւելու համար ուժերու միացումը, «որովհետեւ, ըսաւ Ան, այսպիսի բարդ հարց մը կարիքը ունի բոլորին համագործակցութեան՝ գիտնականներու, արուեստագիտութեան, ձեռնարկատէրերու, տնտեսական գործիչներու, օրէնսդիրներու, քաղաքագէտներու ու անվտանգութեան պատասխանատուներու, դաստիարակներու  հոգեբաններու ինչպէս նաեւ կրօնական ու բարոյական ղեկավարներու։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերջին տարիներուն ապրած ցաւալի փորձառութեան, իրազեկ դառնալով եկեղեցիէն ներս անչափահասներուն դէմ գործուած պղծութիւններուն ու անոնց հեւանքներէն յառաջացած տառապանքին, ու այդ վէրքերը դարմանելու հրատապութեան, ինչպէս նաեւ վճռակամ կերպով այդ ոճիրները կանխարգիլելու ու անոր դէմ պայքարելու հարկաւորութեան։

«Ասոր համար կաթողիկէ եկեղեցին ինքզինք պարտական կը զգայ հեռատեսութեամբ նայելու դէպի յառաջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ «կը գտնուինք մարդկութեան ապագային հայող խնդրայարոյց հարցերու դիմաց, ի տես հաղորդակցութեան ու տեղեկատուութեան հայող արուեստագիտութեան ծաւալումին ու զարգացումին։ Կարելի չէ կասկածիլ, ըսաւ Ան, թէ թուային աշխարհէն ներս այդ զարգացումը նոր հնարաւորութիւններ կ՛ընծայէ անչափահասներուն, անոնց դաստիարակութեան ու անհատական  կազմաւորումին ուղիով։

Արուեստագիտութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ յատկապէս այն անչափահասներուն դիմաց որոնք կ՛ապրին թշուառ պայմաններու  մէջ ու հեռու արդիւնաբերական շրջաններէ։  Մարտահրաւէրը որուն առջեւ կը գտնուինք այն է անչափահասներուն հասանելի դարձնել այդ նոր արուեստագիտութիւններու ապահով ու անվտանգ մատակարարումը ապահովեցնելով անոնց խաղաղ ու առողջ աճումը, առանց որ անոնք թիրախ դառնան բռնարար ոճիրներու ու վնասակար ազդեցութիւններու։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը մատնանշեց թուային արուեստագիտութեան արագ ծաւալումին ու այս ծաւալումի ժխտական երեւոյթները դիմագրաւելու իշխանութիւններու տկարութեան, որուն բերումով կայ վտանգը «մարդկային արժանապատուութեան դէմ ոտնձգութիւններուն ի տես նաեւ այն իրականութեան թէ ցանցին բացասական երեւոյթները հասանելի են նաեւ անչափահասներուն,  անոնց վրայ ունենաելով ժխտական ազդեցութիւն։

Հրատապ է առ այդ լաւապէս տեղեակ ըլլալ այդ երեւոյթներու չափի ու ծանրութեան մասին, հաւասարակշռութիւն դնելով արուեստագիտութեան ծաւալումի դրական ու բացասական իրողութեան միջեւ եւ ուշադիր ըլլալով անոնց ժխտական հետեւանքներէն։

«Դուք ունիք հիմնական պարտականութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը ներկաներուն, «հարկաւոր է յստակ կերպով տեսնել ու հասկնալ վտանգներուն բնոյթն ու չափանիշերը՝ որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ»։  Կարելի չէ դիմագրաւել այդ մարտահրաւէրները հիմնուելով մակերեսային ու ամփոփ գիտելիքներու վրայ, այլ պէտք է հիմքեր կառուցել պաշտպանելու համար անչափահասներու արժանապատուութիւնը ու այս մէկը պէտք է ըլլայ գիտական  հետազօտական ձեր աշխատանքին վեհ նպատակը։

Այդ ուղղութեամբ Քահանայապետը շեշտեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու պարտականութիւնը, որ, ըսաւ Ան, «աւելի նուազ կարեւոր չէ» եւ որ պէտք է գործէ ի յայտ դնելու հարցերու ծանրութիւնը ու արուեստգիտութեան վտանգները։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց նաեւ հանդիպումի ենթատիտղոսին «գաղափարէն գործնականին» դիտել տալով որ բաւարար չէ միայն հասկանալ, այլ պէտք է գործի լուծուիլ որովհետեւ այնքան որ ժամանակը անցնի, այդքանով չարը կ՛արմատանայ ու մտահոգութիւնը կ՛աճի։

Քահանայապետը անդրադարձ կատարեց նաեւ թուային աշխարհէն ներս «խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան» հարցին, նկատել տալով որ այդ ուղղութեամբ հարկաւոր է գտնել հաւասարակշռութիւն, ուր յարգուի խօսքի ազատութիւնը, սակայն միւս կողմէ առիթ չի տրուի որ թուային աշխարհը դառնայ բնութիւններու ու ոճիրներու վայր։

Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ ապա ցանցային աշխարհով զբաղող ընկերութիւններու պատասխանատուութեան վրայ, որոնք, ըսաւ Ան, կարելի չէ պարզապէս համարել ծառայութիւններ մատուցողներ այլ նաեւ պատասխանատու այդ ծրագիրներու մատուցման ու իրաւական եւ բարոյական  գործածութեան։

Սրբազան Պապը այդ ուղղութեամբ թելադրեց մի քանի առաջարկներ.

Իշ խանութինները պէտք է գործեն հակազդելու համար ոճրային արարքները որոնք վնաս կը հասցնեն կեանքին ու անչափահասներու արժանապատուութեան։

Երկրորդ՝ շեշտել ու ընդգծել  ցանցային աշխարհի մեծ ընկերութիւններու պատասխանատուութիւնը անչափահասներու  նկատմամբ ու անոնց ապագայի ու համապարփակ զարգացումի ուղիով։

 «Առանց այս ընկերութիւններուն ներգրաւումին, առանց անոնց բարոյական պատասխանատուութեան, կարելի պիտի չըլլայ անչափահասներու անվտանգութեան երաշխաւորումը» ըսաւ Սրբազան Պապը քաջալերելով որոշ Պետութիւններու կողմէ այդ ուղղութեամբ առնուած բայց տակաւին շատ տկար քայլերը եւ օրէնսդիրներու յանձնառումը։

Քահանայապետը դիտել տուաւ ապա որ հակառակ ծնողներու բարի կամքին այսօր միշտ աւելիով  դժուար է հսկել զաւակներուն վրայ եւ ասր համար արդիւնաբերական ու գործարարական աշխարհը  պէտք է համագործակցի ծնողներուն  ու դաստիարակչական պատասխանատուութեան հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ արուեստագիտական զարգացումին ու թուային աշխարհէն ներս տնտեսական հզօր ներդրումներուն ու շահերուն կոչ ուղղելով ըլլայ գործարարներուն ըլլայ ներդրումներ կատարողներուն որպէսզի անչափահասներու եւ ընկերութեան բարիքը զոհ չի դառնայ շահոյթին։

«Երիտասարդութեան առողջ ու ապահով աճումը վեհ նպատակն է որուն համար կ՛արժէ աշխատիլ ու շատ աւելի արժէքաւոր է այն տնտեսական շահէն որ ձեռք բերուած է երիտասարդներուն չարիք ու վնաս հասցնելու արկածախնդրութենէն »։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը ակնարկեց մարդուն ստեղծագործութեան ու բանականութեան, որոնք, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, պէտք է մտայղացուած  ըլլան մարդկային համապարփակ զրուցումին ու անոր կեանքին դրական բարիքին համար։

«Ամէն մէկ դաստիարակ ամէն մէկ ծնողք կարիքը ունի օգնութեան ու անոր կը սատարէ նաեւ կրօնական ներշնչումն ու տեսութիւնը որ ունի միջազգային շունչ որովհետեւ մարդուն արժանապատուութեան յարգանքը կը հիմնէ Աստուծոյ սրբութեան ու մեծութեան վրայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ու խօսքը եզրափակեց շեշտելով որ անչափահասներու պաշտպանութեան դատը պէտք է մեզ տեսնէ միացած»։

«Մենք կ՛ուզենք աշխարհի երեսէն վերացնել բռնութիւնը ու անչափահասներու նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն։ Նայինք անոնց աչքերուն, անոնք ձեր զաւակներն են. Պէտք է զանոնք սիրենք որպէս Աստուծոյ զաւակներ ու գլուխ գործոցներ։ Անոնք իրաւունք ունին լաւ կեանքի մը։ Պարտականութիւնն ունինք ամէն ջանք դափելու որպէսզի զայն ապահովենք անոնց» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2019, 12:00