Սուրբ Պատարագ Փրիշիլլայի քաթաքոմպներուն մէջ Սուրբ Պատարագ Փրիշիլլայի քաթաքոմպներուն մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Օր Մեռելոցի տօնը յիշատակեց «Փրիշիլլայի Քաթաքոմպներուն» մէջ:

Փրիշիլլայի անուան Քաթաքոմպը կոչուած է «Քաթաքոամպներու թագուհի» այնտեղ թաղուած բազմաթիւ մարտիրոսներու բերումով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ նոյեմբերին նշուող Ամենայն Սրբոց տօնին յաջորդ օրը՝ 2 նոյեմբերը,  Լատին եկեղեցւոյ համար օր մեռելոց է եւ այդ օրուան առթիւ սովորութիւն է որ եկեղեցիներուն մէջ աղօթքներ եւ  հոգեհանգստեան պաշտօններ կատարուին։

Փրիշիլլայի քաթաքոմպներ
Փրիշիլլայի քաթաքոմպներ

Շաբաթ 2 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը օր մեռելոցը  յիշատակեց «Փրիշիլլայի» անուան քրիստոնեաներու պատմական գետնադամբանին մէջ։ Ան Վատիկանէն  մեկնեցաւ 15.45-ին ու արարողութեան վայր ժամանեց 16-ին ուր   գլխաւորեց հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը, ի յիշատակ մեռելներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Փրիշիլլայի Քաթաքոմպները կը գտնուին Հռոմի Սալարիա պողոտայի վրայ։ Անոնք մաս կը կազմեն երկրորդ դարէն սկսեալ քրիստոնեաներուն կառուցած թաքստոցներուն ու գերեզմաններուն, փախչելու համար իրենց դէմ յարուցուած հալածանքներէն։

Այսօր անոնք դարձած են ուխտագնացութեան վայրեր։ Փրիշիլլային անուան Քաթաքոմպը կոչուած է «Քաթաքոամպներու թագուհի» այնտեղ թաղուած բազմաթիւ մարտիրոսներու բերումով։ Ան ունի ստորագետնեայ 13 քմ երկարութեամբ փապուղի։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ  Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը յայտնեց թէ Օր Մեռելոցը Քաթաքոմպի մէջ տօնախմբելը անակնկալ է ապա ըսաւ թէ իրեն համար առաջին անգամն է որ գետնադամբան մը կ՛այցելէ։

Կարող ենք մտածել այդ մարդոց որոնք ստիպուած էին այստեղ պահուըտիլ, աղօթք ու պատարագ մատուցել եւ թաղել մեռեալները։ Պատմութեան վատ պահ մըն է որ տակաւին կը շարունակուի որովհետեւ այսօր եւս աշխարհի մէջ կան քաթաքոմպներ ուր քրիստոնեաները թաքուն կերպով կը կատարեն իրենց ծիսական արարողութիւնները։ Այսօր եւս կան հալածուած քրիստոնեաներ ու այդ հալածանքները միտքս կը բերեն երեք բառեր. ինքնութիւն, վայր եւ յոյս։

Այս մարդոց ինքնութիւնը, որոնք կը համախմբուէին պատարագ մատուցելու ու Տէրը փառաբանելու համար միեւնոյնն է այն մեր եղբայրներուն ինքնութեան որոնք կ՛ապրին բազմաթիւ երկիներու մէջ, ուր քրիստոնեայ ըլլալը ոճիր մըն է, արգիլուած է…անոնք ոչ մէկ իրաւունք ունին։ Եւ քրիստոնեաներուն ինքնութիւնը երանութիւններն են, որոնց հիման վրայ է որ պէտք է ապրի իւրաքանչիւր քրիստոնեայ։ Երանութիւնները քրիստոնեայի ինքնագիրն է։ Կամ կ՛ապրինք հետեւելով Երանութիւններուն ու կամ քրիստոնեայ չենք։

Երկրորդ բառը վայրն է։ Այդ մարդիկը այստեղ կը պահուըտէին եւ իրենք զիրենք ապահով կը զգային…ինչպէս կը պատահի նաեւ այսօր. Կը մտաբերեմ Ալպանիայի այն մայրապետը որ համայնավարութեան շրջանին, վերակազմաւորման կեդրոնին մէջ, ուր քահանաները չէին կրնար խորհուրդները մատակարարէր, ինք մկրտութեան խորհուրդը ծածուկ կերպով կը մակակարէր ու մայրերը իրենց զաւակները կը տանէին անոր մօտ։ Մենք քրիստոնեաներս կեանքի մէջ առանձնայատուկ վայր չունինք, մենք ամէն տեղ ենք եւ մեզի համար ամենաապահով տեղը`  Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է, վիրաւոր ձեռքեր, Յիսուսին վէրքերը։ Մենք այնտեղ է որ ապահով կը զգանք մենք զմեզ, նոյնիսկ խաչին հետ. Որովհետեւ երանելի ենք եթէ մեզ հալածեն Յիսուսին անունով։ Ահա այս է մեր վայրը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։

«Քրիստոնեաները որոնք կ՛ապրին Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, յոյսի այրեր ու կիներ են, ու երրորդ բառը որ միտքս կու գայ արդարեւ յոյսն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատելով որ «Մեր յոյսը Երկնքի մէջ է, մեր յոյսը խարսխուած է այնտեղ եւ մենք պարանը ձեռքին անոր կառչած կը մնանք նայելով գետին միւս ափին  ուր  պիտի անցնինք»։

«Ինքնութիւնը` Երանութիւնները, Վայր Աստուծոյ ձեռքերը, ապա յոյս ու ապագայ` խարսխուած երկնքի մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւարտելով քարոզը։

Սրբազան Հայրը այցելեց  Վատիկանի «քարայրները»
Սրբազան Հայրը այցելեց Վատիկանի «քարայրները»

Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Հայրը վերադարձ կատարեց Վատիկան եւ այցելեց  Վատիկանի «քարայրները» ուր պահպանուած են Քահանայապետերու աճիւնները այնտեղ եւս ամփոփուելով աղօթքի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2019, 17:05