1574579656658.JPG

«Պատմութիւնը կերտելու իսկական ձեւը կարեկցութիւնն է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները Ճափոնցի մարտիրոսներու հետքերուն վրայ քալել ու անոնց նման վկայել փրկութիւնը զոր Յիսուս կ՛ընծայէ բոլորին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ճափոն կատարած առաքելական այցելութեան երկրորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը Նակազաքիի «Պէյսպոլի» մարզադաշտին մէջ  մատոյց կիրակնօրեայ սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  35 հազար ճափոնցի հաւատացեալներ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհին առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց այդ վայրի անցեալի ցաւերը ու հրաւէր ուղղեց յաղթահարելու անտարբերութիւնը ու ձայն բարձրացնելու ի նպաստ տառապողներուն եւ ի նպաստ անցեալի եւ այսօրուայ պատերազմներու զոհերու պաշտպանութեան։ «Կարեկցութիւնը ըսաւ Ան կը կառուցէ պատմութիւնը ու Քրիստոսի փրկութիւնը նուիրուած է բոլորին»։

Մեկնաբանելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանը (Գլ23, 35-43) Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տուաւ թէ ինչպէս Գողգոթայի տարածքին շատեր լռեցին եւ ուրիշներ ծաղրեցին Յիսուսը, միայն բարի աւազակին ձայնը կարողացաւ բարձրանալ ի պաշտպանութիւն տառապող անմեղին ու այդ ըրաւ Հաւատքի արի դաւանանքով «Յիսուս զիս յիշէ քու արքայութեանդ մէջ» ու այդպէսով այդ գողգոթան՝ ցաւի վայրէն դարձաւ կարեկցութեան ու յոյսի վայր. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ».

Նակազաքին ալ վիրաւոր քաղաք է ու կը նմանի նոր գողգոթայի մը ու անոր ժողովուրդը համախմբուած այսօր սուրբ սեղանին շուրջ կանչուած է լռելայն չի մնալու այլ ձայն բարձրացնելու ու դաւանելու հաւատքը ու միասնական աղօթք մատուցելու բոլոր անոնց որոնք այսօր կը տառապին, ապա աճելու աշխարհին մէջ որպէս ճշմարտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան մարգարէներ։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները Ճափոնցի մարտիրոսներու հետքերուն վրայ քալել ու անոնց նման վկայել փրկութիւնը զոր Յիսուս կ՛ընծայէ բոլորին,  ու վկայել նաեւ թէ Քրիստոսի սէրը կը յաղթէ ատելութիւնը, եսասիրութիւնը ու որեւէ յոռետեսութիւն։

«Քրիստոս կ՛ապրի մեր մէջ ու ան կ՛ուզէ որ մենք եւս ապրինք։ Քրիստոս մեր յոյսն է» յարեց Սրբազան Պապը ու խրախուսեց ճափոնցի հաւատացեալները չարին դիմաց յուսալքումի չի մատնուելու այլ դառնալու Քրիստոս Արքայութեան թթխմորները։

«Ըլլանք յոյսի պատգամաւորները ու գործիքներ՝ իրականացնելու համար Երկնքի Թագաւորութիւնը, ընկալելով բոլոր անոնք որոնց մէջ Քրիստոս ներկայ է՝ այսինքն հիւանդները, անկարները, տարեցները, լքուածները, թագականները ու օտարականները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ  քարոզի աւարտին դարձեալ ակնարկեց Նակազաքիի վէրքերուն ու բազմաթիւ անմեղներու տառապանքին, հուսկ հրաւէր ուղղեց բարձրացնելու մեր ձայնը ու մեր աղօթքները՝ որպէսզի միշտ աւելիով շատ ըլլան անոնք որոնք բարի աւազակին նման կարող են իրենց ձայնով, իրենց աղաղակով, մարգարէանալ ճշմարտութեան, արդարութեան , շնորհքի, սիրոյ ու խաղաղութեան արքայութիւն մը».

Պատարագէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Նաքազաքիի օդակայան ուրտեղէն փոխադրուեաւ Հիրոշիմա՝ ուր նախատեսուած է խաղաղութեան հանդիպումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2019, 08:00