Քահանայապետը աղօթեց Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ։ Քահանայապետը աղօթեց Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ։  

Նորին Սրբութիւնը Տիրամօր հովանիին յանձնեց առաքելական 32-րդ ճամբորդութիւնը

Ասիական ցամաքամաս կատարելիք ճամբորդութեան նախօրեակին Քահանայապետը աղօթեց Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ։

Սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Առաքելական միջազգային 32-րդ Ճամբորդութեան նախօրեակին, որ զինք պիտի առաջնորդէ Ասիական ցամաքամաս այցելելու համար Թայլընտն ու Ճափոնը, երեքշաբթի 19 նոյեմբերի առաւօտեան այցելեց Հռոմի Աստուածամօր նուիրուած աւագ տաճարը, ուր ամփոփուեցաւ այնտեղ պահպանուած Սալուս Փոփուլի Ռոմանի  - Հռոմի Ժողովուրդի Փրկութիւն Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ, Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին յանձնելով ճամբորդութեան առաքելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2019, 11:57