Քահանայապետը ընդունեց Արժանթինի միջկօրնական երկխօսութեան հաստատութեան ձեռնարկած հաւաքի մասնակիցները։ Քահանայապետը ընդունեց Արժանթինի միջկօրնական երկխօսութեան հաստատութեան ձեռնարկած հաւաքի մասնակիցները։  

Քահանայապետը ընդունեց Արժանթինի միջկօրնական երկխօսութեան հաստատութեան ձեռնարկած հաւաքի մասնակիցները։

«Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթի նպատակն է որպէս ճանապարհ որդեգրել երկխօսութեան մշակոյթը, միասնական համագործակցութիւնը որպէս վարուելակերպ, իրար ճանաչումը որպէս չափանիշ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց՝ Տուպայի մէջ անցեալ 4 փետրուարին ստորագրուած «Մարդկային Եղբայրութեան  ու համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան» փաստաթուղթի մասին գումարուած Արժանթինի միջկրօնական երկխօսութեան հիմնարկի» ձեռնարկած հաւաքին մասնակցողներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Արժանթինի դեպանին վերոնշեալ ձեռնարկը կազմակերպած ըլլալուն համար, ուրախութիւն արտայայտեց ի տես վերոնշեալ փաստաթուղթի տարածումին նաեւ Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ մէջբերեց Մարդկային Եղբայրութեան Համաշխարհային համաժողովին ընթացքին արտասանած խօսքերը «Չկայ այլընտրանք. Կամ միասին կը կերտենք ապագան, կամ ապագայ չկայ։ Կրօնները յատկապէս չեն կրնար զանց ընել իրենց հրատապ պարտականութիւնը՝ կամուրջներ կառուցելու ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ». Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հաստատեց թէ եկած է ժամը որ կրօնները աւելի գործնական կերպով, քաջութեամբ եւ վեհանձնութեամբ գործեն օգնելու համար մարդկային ընտանիքը, որպէսզի հասունցնէ հաշտութեան կարողութիւնը, յոյսին տեսութիւնն ու խաղաղութեան գործնական ուղիներու ընթացքը»։  

Սրբազան Պապը դարձեալ շեշտեց թէ կրօնական աւանդութիւնները ներշնչումի աղբիւր են խթանելու համար հանդիպումի մշակոյթը, այդ ուղղութեամբ ակնարկելով համագործակցութեան կարեւորութեան հիմնուած երկխօսութեան ու իրար զիրար յարգանքի վրայ։

«Աշխարհը հետեւողականութեամբ  կը նայի հաւատացեալներուս, տեսնելու համար թէ ո՞րն է մեր վարուելակերպը՝ հասարակաց տան ու մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ», ըսաւ ապա Քահանայապետը, ակնարկելով աշխարհի դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն, ինչպիսի են պատերազմները, անօթութիւնը, թշուառութիւնը, բնական աղէտներն ու տագնապները, բռնութիւնն ու կաշառակերութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտանիքի ապրած տագնապը ու տնտեսական տագնապը ու յատկապէս յոյսին պակասը, այս առնչութեամբ շեշտելով համագործակցութեան կարեւորութիւնը դիմագրաւելու համար այդ բոլոր հարցերը։

«Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթի նպատակն է որպէս ճանապարհ որդեգրել երկխօսութեան մշակոյթը, միասնական համագործակցութիւնը որպէս վարուելակերպ, իրար ճանաչումը որպէս չափանիշ» յարեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «Երբ Աստուած մեզի հարց տայ ո՞ւր է քու եղբայրդ, կարելի չէ պատասխանել. չեմ գիտեր»։ Հարկաւոր է առ այդ ցոյց տալ որ մենք որպէս հաւատացեալ մարդկային հասարակութեան համար խաղաղութեան գործօններ ենք ու ոչ թէ ատելութիւն յարուցումներ։

«Կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը տկարութեան նշան մը չէ, ան իր դրդապատճառը կը գնտէ մարդկութեան հետ Աստուծոյ երկխօսութեան մէջ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու ճառը աւարտեց մաղթելով որ  Եղբայրութեան պատգամը ընկալուի համայն միջազգային հասարակութեան կողմէ, ի նպաստ մարդկային ընտանիքին որ պէտք է դէպի յառաջ քայլ կատարէ ու պարզ հանդուրժողութենէն անցնի դէպի իսկական համակեցութիւն ու խաղաղ համագոյութիւն։

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց ներկաներէն խնդելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 12:15