Որոնել

Քահանայապետին հանդիպումը Թայլընտի Քրիստոնեայ ու այլ կրօններու առաջնորդներու հետ Քահանայապետին հանդիպումը Թայլընտի Քրիստոնեայ ու այլ կրօններու առաջնորդներու հետ  

Քահանայապետին հանդիպումը Թայլընտի Քրիստոնեայ ու այլ կրօններու առաջնորդներուն հետ։

«մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է ըլլալու դերակատար ու համապատասխանատու՝ կառուցելու համար մշակոյթ մը որ հիմնուած ըլլայ բաժնեկցուած արժէքներու վրայ, որոնք կը տանին միութեան, իրար զիրար յարգանքի ու ներդաշնակ համակեցութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թայլընտ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 22 նոյեմբերի առաւօտեան Պանքոկի Չուլալոնկքորն համալսարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թայլընտի Քրիստոնեայ ու այլ կրօններու 18 առաջնորդներուն հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ շեշտը դրաւ Կրօններու դերակատարութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին, հիւրընկալութեան ու առաջնորդներու ներկայութեան համար, Սրբազան Պապը նշեց թէ 122 տարիներ առաջ՝ 1897-ին Չուլալոնկքորն թագաւորը այցելած էր Հռոմը ու հանդիպում ունեցած էր այդ ժամանակուայ քահանայապետ Լեւոն ԺԳ Պապին հետ։

«Առաջին անգամն էր որ ոչ քրիստոնեայ Պետութեան մը Ղեկավարը կ՛ընդունէր Վատիկանի մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ այդ կարեւոր հանդիպումի յիշատակը ու թագաւորի թագաւորութեան շրջանը որ յատկանշուեցաւ ստրկութեան վերացումով, մեզ կը հարցադրէ ու մեզ կը քաջալերէ ստանձնելու վճռակամ դերակատարութիւն մը՝ երկխօսութեան ու իրար հասկացողութեան ճանապարհին վրայ։

«Այս ընելու ենք եղբայրական հոգիով, որպէս սատար՝ վերջ դնելու տակաւին գոյութիւն ունեցող մերօրեայ ստրկութիւններուն, որոնցմէ մին է մարդավաճառութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը,  կարեւորելով կրօններու միջեւ համագործակցութիւնը դիմագրաւելու համար աշխարհը յուզող տարբեր մարտահրաւէրները, քաղաքացիական բախումները, պատերազմները…«Հարցեր որոնք մեզ կը հրաւիրեն որոնելու ներկայի պատմութեան կառուցման համար  նոր ձեւեր», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու այդ ձեւերուն շարքին նշեց «հանդիպումի ու երկխօսութեան տրամաբանութիւնը որպէս ուղի, միասնական համագործակցութիւնը որպէս վարուելակերպ ու իրար հասկացողութիւնը որպէս չափանիշ ու եղանակ»։

Ժամանակակից պայմանները մեզմէ կը պահանջեն կառուցել ամուր հիմքեր խարսխուած մարդու արժանապատուութեան յարգանքի ու անոր ճանաչման վրայ. Մարդկային համապարփակ զարգացումի խթանման վրայ, որ կարող ըլլայ ճանչնալ ու պահանջել մեր հասարակաց տան պաշտպանութիւնը։

«Ամէնքս կանչուած ենք ոչ միայն անսալու աղքատներու ճիչին, այլ նաեւ միանալու ու գործելու միասին»  ըսաւ հուսկ Քահանայապետը մատնանշելով Թայլընտի բնական գեղեցկութեան ու տարեցները յարգելու թայլանտական աւանդոյթին նշելով թէ այդ մէկը կ՛ապահովեցնէ արմատներու անվտանգութիւնը ու արժէքներու եւ աւանդութիւններու փոխանցումը նոր սերունդին, որ անեղծ կը պահէ երիտասարդները համասեռացումի հակումէն։

«Օգնել երիտասարդներուն որ վերագտնեն իրենց անցեալի հարստութիւնը, հանդիպելու իրենց արմատներուն ու յիշատակելով զանոնք, իսկական սիրոյ արարք մըն է անոնց նկատմամբ, ի տես անոնց աճումին ու իրենց առնելիք որոշումներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը այս ծիրէն ներս կարեւորելով դաստիարակչական հաստատութիւններուն ու կրթական համակարգին դերակատարութիւնը, «որոնք կը սատարեն բանալու նոր ճանապարհներ, մարդոց միջեւ նուազեցնելով անհաւասարութիւնները, ամրապնդելով ընկերային արդարութիւնը, պաշտպանելով մարդ անհատի արժանապատուութիւնը, ու հակամարտութիւններուն համար որոնելով խաղաղ լուծումներ ու պահպանելով կենսամիջոցները որոնք կեանք կը պարգեւն աշխարհին։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը հաստատեց թէ «բոլորս մաս ենք միեւնոյն մարդկային ընտանիքին ու մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է ըլլալու դերակատար ու համապատասխանատու կառուցելու համար մշակոյթ մը որ հիմնուած ըլլայ բաժնեկցուած արժէքներու վրայ, որոնք կը տանին միութեան, իրար զիրար յարգանքի ու ներդաշնակ համակեցութեան։

Ան ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իր աղօթքները նուիրելով անոնց ու ի նպաստ Թայլընտի զարգացումին, բարօրութիւն ու խաղաղութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2019, 09:58