Կրէչչոյի մսուրէն նկար Կրէչչոյի մսուրէն նկար 

Յառաջիկայ Կիրակի օր Քահանայապետը կ՛այցելէ Կրէչչոն։

Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ հաւատաւոր ժողովուրդին մսուրի իմաստի մասին նամակ մը պիտի յղէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց թէ եկող կիրակի՝ մէկ դեկտեմբերին պիտի այցելէ Կրէչչոյի մսուրի Ֆրանչիսկեան ուխտավայրը։

«Պիտի մեկնիմ Կրէչչօ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին կառուցած առաջին մսուրին մօտ, աղօթելու ու Աստուծոյ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին ուղարկելու նամակ մը, հասկնալու համար մսուրին իմաստը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2019, 11:35