Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թայլընտի Վարչապետը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թայլընտի Վարչապետը 

«Ընկերութիւնները կարիքն ունին հիւրընկալութեան արհեստաւորներու» Ֆրանչիսկոս Պապը Թայլընտի մէջ։

Մեր ժողովուրդներու ապագան կախեալ է այն չափանիշէն որով մենք մեր զաւակներուն կ՛ապահովենք արժանավայել ապագայ մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պաշտպանել գաղթականներու արժանապատուութիւնը ու յարատեւել այն ջանքերուն մէջ, արմատախիլ ընելու համար մեր ժամանակուայ կիներու ու մանուկներու դէմ գործադրուած  բռնութեան ու չարաշահումներու պատուհասը»։ Այս եղաւ Ֆրսնչիսկոս Պապին Թայլընտի «Governmental House»ի մէջ քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառին առանցքներէն մին։ Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց ապա Թայլընտի՝ սեռային զբօսաշրջութեան երկիր ըլլալու իրականութիւնը, գնահատանք արտայայտելով նաեւ Թայլընտի կառավարութեան սոյն հարցը արմատախիլ ընելու ուղիով   յանձնառումին»։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը որ Թայլընտ ժամանած էր 20 նոյեմբերի կէսօրին (տեղական ժամանակացոյցով) իր պաշտօնական հանդիպումներու յայտագիրը սկսաւ 21 նոյեմբերի առաւօտեան,  այցելութիւն տալով Պանքոկի կառավարական շէնք ու հանդիպում ունենալով նախ Երկրի վարչապետին հետ, հուսկ քաղաքական, քաղաքացիական ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Ճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ Թայլընտի ժողովուրդին ներդաշնակութիւնը փնտռելու յատկանիշին ու տարբեր ցեղերու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը կերտելու յանձնառումին։

Նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Թայլընտի վարչապետը անոր ուղղած բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց թէ այս մէկը Քահանայապետի մը երկրորդ  այցելութիւնն է  Թայլընտ՝ ու կը զուգադիպի Կաթողիկէ առաքելութեան Սիամի մէջ հաստատութեան 350 ամեակին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռ Թայլընտ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 50 ամեակին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա երկրին բնական հարստութիւններուն, հոգեւոր ու մշակութային սքանչելի աւանդութիւններուն ու հիւրընկալութեան հոգիին, «որ՝ ըսաւ Ան, ես կը փորձարկեմ անձնապէս»։

Սրբազան Պապը ուրախութիւն յայտնեց ապա թէ պիտի հանդիպի Թայլընտի Թագաւորին հետ ու Պուտտիսթներու Աւագ Պատրիարքին հետ ապա մատնանշեց համաշխարհայնացումի վտանգներուն որ «շատ յաճախ կը  դիտարկուի խիստ տնտեսական-ֆինանսական առումով», ու կը մտի «ոչնչացնել հիմնական կէտերը որոնք կը կազմեն ու ծնունդ կու տան մեր ժողովուրդներուն գեղեցկութեան ու հոգիին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով Պանքոկի կառավարութիւնը «Ընկերա-բարոյական» յանձնախումբի ստեղծումին համար՝ որ բաց է երկրի այլ կրօններուն։

«Այս երկիրը որպէս անուն ունի ազատութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանիսկոս Պապ աւելցնելով թէ այս մէկը կարելի է միայն եթէ մենք կարող ըլլանք մենք մեզ պատասխանատու զգալ մէկը միւսին նկատմամբ ու շրջանցենք որեւէ անհաւասարութեան երեւոյթ։ «Այս ողբութեամբ հարկաւոր է առ այդ աշխատիլ ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումին» թելադրեց Նորին Սրբութիւնը որ խօսեցաւ նաեւ Թայլընտի մէջ ապաստան եւ հիւրընկալութիւն գտած գաղթականներու մասին մաղթանք յայտնելով որ միջազգային հասարակութիւնը «գործէ պատասխանատուութեամբ եւ իմաստութեամբ» հարցին արմատական լուծում գտնելու համար ու խթանելու անվտանգ ու կանոնաւոր գաղթականութիւն» մը, պաշտպանելու համար բոլոր այն մարդոց արժանապատուութիւնը որոնք կը դիմագրաւեն մեծ վտանգներ ու չարաշահումներ, փնտռելով ազատութիւնը ու արժանավայել կեանք մը։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա Մանուկներու ու դեռահասներու  իրաւունքներու համաձայնագրի 30 ամեակը շեշտելով մանուկներուն պաշտպանութիւն երաշխաւորելու հարկաւորութիւնը։ Ան ապա բոլոր ներկաները հրաւիրեց անձնապէս յանձնառու ըլլալ ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումի ծրագրի մը ի նպաստ, արդարութեան, զօրակցութեան ու եղբայրական ներդաշնակութեան մէջ, որովհետեւ՝ ընդգծեց Ան, մեր ժողովուրդներու ապագան կախեալ է այն չափանիշէն որով մենք մեր զաւակներուն կ՛ապահովենք արժանավայել ապագայ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 08:00