Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Թայլընտի եպիսկոպոսներուն. «Առաքելութիւնը ռազմավարութիւն չէ այլ Սուրբ Հոգիէն ներշնչում է»

Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ուղեւորութեան մէջ ու պէտք չէ վախնայ ճանապարհներու վրայ երթալէ ու մարդոց հետ շփուելէ ու ինքզինք անոնց հետ համեմատելէ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Դուք փոքր եկեղեցի էք ու հակառակ ասոր թոյլ չի տուիք վարակուիլ թերարժէքութեան բարդոյթէն ու չճանչցուած զգալու ողբէն»։ Քահանայապետին սոյն խօսքերը հնչեցին Պանքոկի Երանելի Նիքոլաս Պունքէտ Քիթպամրունկի սրբավայրէն ներս, ուրբաթ 22 նոյեմբերի առաւօտեան, ուր Ան հանդիպում ունեցաւ Թայլընտի եպիսկոպոսներուն հետ ու Ասիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի դաշնութեան անդամներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Երանելի Քիթպամրունկը 44 ամեայ Քահանայ մըն էր որ անիրաւ կերպով անբաստանուեցաւ ու բանտարկուեցաւ ու բանտին մէջ պալարախտէ վարակուելով երիտասարդ տարիքին մահացաւ։ Մատնանշելով  Երանելիին սրբակեաց կեանքին Սրբազան Քահանայապետը յիշեց առաջին միսիոնարները, որոնք, ըսաւ Ան, մեզ կանխեցին քաջութեամբ, ուրախութեամբ ու արտակարգ դիմադրութեամբ,  դառնալով այսօրուայ միսիոնարներուն հայելին։

Սրբազան Պապը յիշեց ապա թէ Ասիական եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի դաշնութիւնը յառաջիկայ տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 50 ամեակը ու ասկէ մեկնելով մաղթեց որ ան ըլլայ պատշաճ առիթ այցելելու համար սրբավայրերը, որտեղ պահպանուած են  միսիոներական արմատները, որոնք յատկանշեցին այս երկիրները։

Երկիրներ որոնք ունին վեհ գեղեցկութիւն ու բազմաթիւ աղքատութիւն, նկատել տուաւ  Սրբազան Պապը մատնանշելով չարաշահումներուն, մարդավաճառութեան, թմրեցուցիչներուն, գաղթականութեան երեւոյթին, որոնք ըսաւ Ան հովուական մտահոգութիւններ են  որոնք ռազմավարութենէն  անդին կարիքն ունին Սուրբ Հոգիին հետ ներդաշնակութեան։

«Առաքելութիւնը արդարեւ կարիքը ունի ներշնչումի, հօր ու մօր մտահոգութեան, որովհետեւ ոչխարը կորսուած է միայն այն ատեն երբ հովիւը զայն կորսուած կը համարէ, ոչ թէ առաջ», յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ  Աւետարանութեան ամէնէ գեղեցիկ կէտերէն մին այն է գիտակից ըլլալ թէ Եկեղեցւոյ յանձնուած առաքելութիւնը չի կայանար միայն Աւետարանը հռչակելու մէջ  այլեւ սորվիլ հաւատալ Աւետարանին ու թոյլ տալ որ ան մեզ կերպարանափոխէ։

«Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ուղեւորութեան մէջ ու պէտք չէ վախնայ ճանապարհներու վրայ երթալէ ու մարդոց հետ շփուելէ ու ինքզինք անոնց հետ համեմատելէ, այնպիսի եկեղեցի մը կարող է հեզութեամբ բացուիլ Տիրոջ ու Տիրոջ հետ միասին ապրիլ միսիոներութեան արկածախնդրութեան զարմանքը» հաստատեց հուսկ Ֆրանչսկոս Պապ ընդգծելով Հովիւի մը դիմանկարը. Անձ մը որ ամէնէ առաջ մեծ սիրով կը սիրէ իր ժողովուրդը, կը ճանչնայ անոր դիւրաբերութիւնները։ Հովիւը պէտք է սիրէ իր քահանաները ոչ թէ որպէս դատաւոր այլ որպէս հայր մը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը դիտել տուաւ թէ այդ երկիրներու աւետարանոմի աշխատանքին սատարեցին նաեւ աշխարհականները, որոնք կարողութիւնը ունին խօսելու մարդոց բարբառը։

«Չի կորսնցնէք շնորհքը տեսնելու զԱստուած որ կը գործէ իր ժողովուրդին մէջ այնպէս ինչպէս ըրած է ժամանակին, կ՛ընէ այսօր եւ պիտի շարունակէ ընել յետագային» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով ճառը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2019, 08:04