Որոնել

Աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի բաժանմունքի լիագումար նիստի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ Աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի բաժանմունքի լիագումար նիստի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։  

Աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի բաժանմունքի լիագումար նիստի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

«Եկեղեցին կաթողիկէ է, տիեզերական է ու աւելի ընդարձակ է քան անհատական տեսակէտը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 նոյեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց  Աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի բաժանմունքի լիագումար նիստի մասնակիցները ու այդ առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ ուզեց մի քանի կէտերով ներկայացել Բաժանմունքի անդամներուն առաքելութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը նախ խօսեցաւ բաժանմունքի անդամներու դերակատարութեան մասին առջարկելով անոնց «գործել եկեղեցւոյ սրտին համաձայն»։ Բոլորդ, ըսաւ Ան, կանչուած էք համագործակցելու  Սուրբ Աթոռին հետ, քահանաներ, աշխարհականներ ու նուիրեալ անձինք գով գովի ծառայելու էք տիեզերական եկեղեցւոյ, յանձնառու ըլլալով խթանել ու թիկունք կանգնիլ աշխարհականներուն, ընտանիքներուն ու կեանքին. Անհրաժեշտ է առ այդ որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իրը դարձնէ Եկեղեցւոյ կեանքը ու այս մէկը կը պահանջէ ջանք՝ դուրս ելլելու դուք ձեզմէ եւ ունենալու նոր հեռանկար, այն է շրջանցել տեղական ու սեփական ինքնութիւնն ու իրականութիւնը ու հայեացքը ուղղել տիեզերական իրականութեան։

«Եկեղեցին կաթողիկէ է, տիեզերական է ու աւելի ընդարձակ է քան անձնական տեսակէտը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Եկեղեցւոյ սրտով զգալը կը նշանակէ զգալ տիեզերական ու կաթողիկէ կերպով»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մատնանշեց թէ Եկեղեցին մայր է, ուստի կանչուած էք վերաբերուելու մօր մը հայեացքով, որուն փափաքն է բոլոր զաւակներուն համերաշխութիւնը, առանց զանազանութիւններ ու խտրականութիւն յառաջացնելու  անոնց միջեւ։  «Ու եկեղեցին որպէս մայր փափաք ունի որ իր զաւակները աճին ու դառնան ինքնաբաւ, ստեղծագործ ու նախաձեռնող», յարեց ապա Քահանայապետը  ներկաներուն  նկատել տալով որ իրենք եւս ունին պարտականութիւնը աջակցելու անոնց որոնք կարիքն ունին աջակցութեան,  հուսկ մատնանշեց այլ մէկ երեւոյթին այն է պահապան կանգնիլ ընտանիքին պատմութեան  ու աւանդութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ ապա  աշխարհականներու կազմաւորումին ու անոնց ինքնութեան ամրապնդումին մասին, այս ծիրէն ներս առաջարկելով ունենալ եղբայրներու հայեացք։ Դուք ըսաւ Ան, կանչուած էք մտածելու եւ գործելու որպէս հաւատքի մէջ եղբայրներ, ի միտ ունենալով որ հաւատքը ծնունդ կ՛առնէ Աստուծոյ հետ անձնական հանդիպումէն, ու սնունդ կը ստանայ Եկեղեցւոյ խորհուրդներէն։

«Որեւէ քրիստոնէական կազմաւորում պէտք է հիմնուի վերոնշեալ կէտերուն վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը յորդորելով վախ չունենալ աշխարհականներուն յանձնել այլ աշխարհականներ առաջնորդելու պարտականութիւնը։  Արդարեւ աւելցուց Սրբազան Պապը աշխարհի մէջ շատ աշխարհականներ կան որոնք իրենց հաւատքը կ՛ապրին հեզութեամբ ու անկեղծութեամբ դառնալով մեծ ջահեր իրենց շուրջ գտնուողներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա հայեացքը  տարածել ամենուրէք ու մտածել ստեղծագործութեամբ յառաջ տանելու Բաժանմունքի աշխատանքը ու մկրտեալներուն ընկերանալ որպէսզի անոնք դառնան միսիոնար աշակերտներ՝ կեանքի խթանման, արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան ուղիղ հայեցակէտի դերակատարներ, ու ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ համակեցութիւնը զարգացողները։  

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն ու անոնց շնորհեց իր օրհնութիւնները խնդերլով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 13:00