Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։  

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

«Մինչեւ որ հիւլէականին գործածութիւնը «անվտանգ» չ՛ըլլայ, ան կրնայ մեծ սպառնալիք ըլլալ մարդկութեան ու նաեւ հասարակաց տան»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թոքիոյէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնցմէ ոմանց իրեն ուղղած հարցումներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Զրոյցին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել անոնց Թայլընտ եւ Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան հետևուած ու լուսաբանած ըլլալուն համար, յատկապէս այն առումով որ «Թայլընտը եւ Ճափոնը իրարմէ տարբեր երկու իրականութիւններ են», ըսաւ Ան «ու այս մէկը կը պահանջէ կրկնակի աշխատանք, որուն համար ձեզի շնորհակալ եմ»։

Պատասխանելով Նակազաքիի եւ Հիրոշիմայի մասին հարցումի մը ու թէ արդեօք Արեւմուտքի ընկերութիւնը բան մը ունի սորվելիք Արեւելքէն, Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց մէկ ասացուածքի «lux ex Oriente, ex Occidente luxus» «այսինքն լոյսը կու գայ արեւելքէն ու շռայլութիւնը ու սպառողականութիւնը արեւմուտքէն», յարեց Ան, ակնարկելով Արեւելքի իմաստութեան ու բանաստեղծական ոճին։ «Արեւմուտքի մէջ կը պակսի  մի քիչ բանաստեղծական հոգի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով Արեւմուտքի արագընթացութեան ու ասկէ մեկնելով խրատեց կանգ առնել ու ժամանակ յատկացնել իմաստութեան։

Արտայայտուելով ապա Նակազաքիի եւ Հիրոշիմայի տուած այցելութեան մասին, նշեց թէ անոնց միջեւ տարբերութիւն կայ։ Նակազաքին ռումբէն անդին ունեցաւ նաեւ քրիստոնէական արմատներ. «Այնտեղ քրիստոնէութիւնը հին աւանդութիւն ունի, ու քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքը զօրեղ եղած է»։ 

Երկու քաղաքներն ալ սրտիս դպան։  Հիրոշիմայի մէջ վերահաստատեցի թէ հիւլէական զէնքերու գործածութիւնը անբարոյ է եւ ասոր համար այս նիւթը պէտք է ներառուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականին մէջ, ոչ միայն գործածութիւնը այլ նաեւ զայն ունենալը, որովհետեւ պարզ արկած մը, կամ մէկ անհատի խենդութիւնը կարող է համայն մարդութիւնը քանդել, նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Էյնըսթայնի խօսքերը «Չորրորդ աշխարհամարտի կռիւը պիտի կատարուի քարերով եւ գաւազաններով»։

Նորին Սրբութիւնը առիթէն օգտուելով դարձեալ դատապարտեց հիւլէականին գործածութիւնը։ «Մինչեւ որ այդ մէկը «անվտանգ» գործածութիւն չ՛ըլլայ ան կրնայ մեծ սպառնալիք ըլլալ մարդկութեան ու նաեւ հասարակաց տան», հաստատեց Սրբազան Պապը, այդ ուղղութեամբ առաջարկելով «անվտանգութեան» ուղիով ներդրումներ կատարել։

Քահանայապետը խօսեցաւ նաեւ մահապատիժի մասին ու այդ ուղղութեամբ հաստատեց թէ՝ »մահապատիժը պէտք է վերացուի, որովհետեւ անբարոյ է»։

«Պէտք է պայքարիլ մահապատիժին դէմ» շեշտեց Քահանայապետը ապա ակնարկեց աշխարհի խաղաղութեան ու այդ խաղաղութիւնը հաստատելու կատարուած ջանքերուն, դիտել տալով որ աշխարհի շէջ խաղաղութեան հաստատումին համար հարկաւոր է նախ եւ առաջ զէնքերու վերացումը՝ հուսկ բանակութեան ու երկխօսութեան դիմելը։

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատելով հանդերձ ՄԱԿ-ին ջանքերը ընդգծեց օրէնսդրութեան բաց թողումները ու քննադատեց մի քանի քրիստոնեայ երկիներու կեղծաւորութիւնը՝ որոնք իրենց զիրենք քրիստոնեայ կը կոչեն, սակայն իրենց տնտեսութիւնը հիմնած են զինավաճառութեան վրայ։

«Խաղաղութիւնը այսօր շատ դիւրաբեկ է. սակայն պէտք չէ վհատիլ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով նաեւ ինքնապաշտպանութեան հարցին «որուն պէտք է դիմել միայն որպէս վերջին միջոց» ըսաւ Ան։

Այլ հարցումներէն մին ուղղուած էր Վատիկանեան տնտեսութեան  մատակարարումի ու տնտեսական գայթակղութիւններու մասին, որուն պատասխանելով Սրբազան Պապը ըսաւ թէ  «հարկաւոր է լաւապէս մատակարարել ինչքերը։ Կարելի չէ եկամուտը առնել ու պահել գզրոցին մէջ։ Պէտք է այնպէս ընել որ անիկա շահաբեր ըլլայ։ Սակայն այդ ներդրումները պէտք է կատարել վստահելի ու ապահով ուղիներով , ոչ թէ արկածախնդրութեամբ կամ կաշառակերութեան միջոցներով,  ինչպէս պատահեցաւ նաեւ Վատիկանէն ներս» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով սակայն թէ այդ գայթակղութիւնը ի յայտ եկաւ շնորհիւ Վատիկանեան հսկողական  համակարգին , յոյս յայտնելով նեաւ որ մօտալուտ ապագային յստակացումներ շնորհուին այդ հարցին շուրջ։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Վատիկանի Ֆինանսական հետախուզութեան մարմնի նոր նախագահի նշանակումին, որուն անունը, ըսաւ Ան, պիտի յայտարարեմ Հռոմ վերադրաձիս։

Ակնարկով հուսկ աշխարհի տարբեր երկիներուն մէջ կատարուած ժողովրդային ցոյցերուն ու այդ ցոյցերու բերումով բախումներուն, Քահանայապետը ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու այդ ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռին յանձնառումն ու կոչը։

Զրոյցի աւարտին Սրբազան Հայրը  յանդիմանեց լրագրողները Թայլընտի մասին հարցում չուղղած ըլլալուն համար, մատնանշելով Թայլընտի մէջ մարդավաճառութեան ու մարդկային չարաշահումներու հարցին, այդ ուղղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով լրագրողուհի Վալենթինա ԱլԱզրաքիին, որ այդ նիւթին շուրջ գիրք հրապարակած է ինչպէս նաեւ Իտալացի  լրագրողուհի ու հայերու բարեկամ Ֆրանքա Ճանսոլտաթիին, որ հասարակաց տան ու բնապահպանութեան մասին այլ գիրք մը հրապարակած է։

Ֆրանչիսկոս Պապ զրոյցը եզրափակեց  դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով լրագրողներուն իրեն ուղղած «ուղիղ եւ անկեղծ» հարցումներու համար, ապա հրաժեշտ առաւ անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2019, 19:30