Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի «բարեսիրութեան միջնաբերդին»։ Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի «բարեսիրութեան միջնաբերդին»։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի «բարեսիրութեան միջնաբերդին»։

29 նոյեմբերին՝ Հռոմի Քարիթասի 40 ամեակին առթիւ Քահանայապետը կ՛այցելէ Հռոմի «բարեսիրութեան միջնաբերդը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 29 նոյեմբեր 2019-ի յետմիջօրէի 4-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն պիտի տայ Հռոմի Քարիթասի պատկան բարեսիրութեան միջնաբերդին, Հռոմի Քարիթասի գործունէութեան 40 ամեակին առթիւ։  Այս երկրորդ անգամն է որ Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Հռոմի Քարիթասի մէկ հաստատութիւնը առաջինը՝ Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն ընթացքին էր երբ Ան «Հայր Լուիճի Տի Լիեկրոյի» անուամբ կեդրոնը այցելեց, այնտեղ կատարելով ողորմութեան սուրբ տարուայ սուրբ դռան բացման արարողութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան ժամանումը նախատեսուած է ժամը 16-ին ու պիտի դիմաւորուի Հռոմի Տեղակալ՝ Արքեպիսկոպոս կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի կողմէ ու անոր օգնական Ճամփիերօ Փալմիերի եպիսկոպոսի կողմէ։ Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ ատամնաբուժական կեդրոնը,  զօրակցութեան շտեմարանը, «Սանթա Ճաչինթա» ապաստանարանը ու սեղանատունը։ Քահանայապետը հուսկ հանդիպում պիտի ունենայ Քարիթասի հիւրերուն ու կամաւորներուն հետ։

«Քահանայապետին այցելութիւնը մաս կը կազմէ Քարիթասի 40 ամեայ գործունէութեան տօնախմբութիւններուն» յայտնած է այս առթիւ Քարիթասի  տնօրէն՝ Հայր Ամպարուսը դիտել տալով որ  իրենք այդ պահը կ՛ապրին որպէսի Տիրոջ գոհաբանութեան ու երախտագիտութեան պահ՝ որ զիրենք ընտրեց որպէս ծառաներ ու համագործակիցներ։ «Բարեսիրութեան միջնաբերդին» նպատակն է ըլլալ վկայութեան վայր, հանդէպ քաղաքին ու եկեղեցւոյ» աւելցուցած է հայր Ամպարուսը։

Յայտնենք թէ Ատամնաբուժութեան կեդրոնին մէջ իրենց կամաւորական գործունէութիւնը կը մատուցեն 40 ատամնաբուժներ։ Զօրակցութեան շտեմարանն ալ Իտալիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող առաջին անվճար  հանրախանութն է։  Մինչ Սանթա Ճաչինթա հիւրընկալութեան ապաստանարանը կը հիւրընկալէ տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող 82 անհատներ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Քարիթասի սոյն այցը կը հանդիսանայ Քահանայապետի մը հինգերորդը սկսեալ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բէն որ 1992ին այցելած էր «Քոլլէ Օփփիօ»յի աղքատներու սեղանատունը։

15 տարի ետք՝ 2007ի յունուարի 4-ի նոյն վայրը այցելեց նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ, որ ապա 2010-ի փետրուարի 14-ին այցելեց նաեւ «Մարսալա» պողոտայի Քարիթասի կեդրոնը, նոյն կեդրոնը որուն այցելութիւն տուաւ նաեւ  Ֆրանչիսկոս Պապը 2015-ի դեկտեմբերի 18-ին  ու ահա այժմ դարձեալ կ՛այցելէ Հռոմի Քարիթասի այլ կեդրոն մը։

Քարիթասը Հռոմի մէջ ունի 52 բարեգործական կեդրոնները ու 157 խորհրդատուական եւ ունկնդկրութեան կեդրոն՝ ինչպէս նեաւ 5 տարածաշրջանային շտեմարաններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2019, 09:00