Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել Թայլընտ եւ Ճափոն կատարելիք ճամբորդութեան համար։

Տէրը Թայլընտի եւ Ճափոնի ժողովուրդներուն պարգեւէ շնորհքի պարգեւներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղելով հրապարակը համախմբուած բազմահազար ուխտաւորներուն յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն- հիւանդներուն ու նորապսակներուն հուսկ բոլոր ներկաները հրաւիրեց աղօթելու յառաջիկայ օրերուն Թայլընտ եւ Ճափոն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար, որպէսզի, ըսաւ Սրբազան Պապը, Տէրը այդ ժողովուրդներուն պարգեւէ շնորհքի պարգեւներ։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Թայլընտ եւ Ճափոնը պիտի այցելէ յառաջիկայ 19 - 26  նոյեմբերին։ Սոյն ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Քահանայապետական 32րդ առաքելական ճամբորդութիւն, որոնց ընթացքին Քահանայապետը այցելած պիտի ըլլայ 51 երկիներ։

Նշենք թէ ունկնդրութեան առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը յատուկ ակնարկ դարձուց հրեայ ժողովուրդին, պատմութեան հոլովոյթին կրած տառապանքի մասին։

Հրեայ Ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին մեծապէս տառապեցաւ։ Վտարուեցաւ, հալածուեցաւ։ Եւ անցեալ դարուն մէջ մենք ականատես եղանք դաժանութիւններուն, որոնց թիրախ եղաւ հրեայ ժողովուրդը ու բոլորս համոզուած էինք որ այդ մէկը վերջ գտած էր։ Այսօր սակայն դարձեալ ծնունդ կ՛առնեն դէպքեր, ու հրեաները հալածելու սովորութիւններ։ Եղբայրներ եւ քոյրեր, այս մէկը մարդկային չէ եւ ոչ ալ քրիստոնէական։ Հրեաները մեր եղբայրներն են եւ պէտք չէ հալածել զանոնք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2019, 10:24