Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Պանքոկ Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Պանքոկ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Պանքոկ. 32-րդ Առաքելական Ճամբորդութեան յայտագիրը։

32-րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի արտասանէ 18 ճառեր ու քարոզներ որոնցմէ 8ն Թայլընտի մէջ ու 10 Ճափոնի մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապին Ժամանումը

 

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 ու կէս ժամ տեւող երկար թռիչքէ մը ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը ու իր հետ ճամբորդող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը, տեղական ժամով 12.30, Հռոմի ժամով 6.30ին, վայրէջք  կատարեց Պանքոկի օդակայան, ուր Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Թայլընտի Թագաւորի խորհրդատուի ու անոր ընկերացող վեց հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը  մը կողմէ որոնց հետ միասին կային նաեւ Թայլընտի եպիսկոպոսները։

Ունկնդրէ լուրը

Օդակայանին մէջ կայացած պաշտօնական ընդունելութեան աւարտին Սրբազան Պապը անմիջապէս փոխադրուեցաւ Պանքոկի Առաքելական Նուիրակի պալատ որ այս օրերուն կը հանդիսանալ իր բնակավայրը։ Նուիրակութիւնը գոյութիւն ունի 26 ապրիլ 1969-էն ի վեր ու հաստատուած է Սուրբ Պօղոս Զ քահանայապետի օրով։

Քահանայապետին Թայլընտի առաքելական այցելութեան պաշտօնական յայտագիրը կը սկսի երկրորդ օրը՝ հինգշաբթի  21 նոյեմբերի առաւօտեան, երբ ան կ՛այցելէ կառավարութեան պալատը ուր հանդիպում կ՛ունենայ երկրի վարչապետին ու քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։ Ան ապա կ՛այցելէ Թայլընտի Պուտիսթներու տաճարն ու պատրիարքը հուսկ կ՛ուղղուի Սէն Լուիս հիւանդանոց ուր հանդիպում կ՛ունենայ այնտեղ գործող անձնակազմին ու հիւանդներուն հետ, մինչ յետմիջօրէն պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Թայլընտի  թագաւորին, որմէ ետք Պանքոկի ազգային մարզադաշտին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Կոյս  Մարիամին տաճար ընծայման տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, մասնակցութեամբ Թայլընտի կաթողիկէ հասարակութեան։

Նորին Սրբութեան ուրբաթ 22 նոյեմբերի օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ Երանելի Նիքոլաս Պունքերտ Քիթպանրունկի սրբավայրին տուած այցելութեամբ, ուր ան հանդիպում կ՛ունենայ երկրին կղերական դասին, նորընծաներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ ու կը հանդիպի նաեւ Թայլընտի եպիսկոպոսներուն ու Ասիական եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու դաշնութեան անդամներուն հետ։ Սրբազան Պապը հուսկ առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Թայլընտի Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ ու նոյն օրուայ յետմիջօրէին ան կը հանդիպի  Քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու ու այլ կրօններու Ղեկավարներուն հետ՝ Շուլալոկքորն համալսարանին մէջ։

Երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը պատարագ կը մատուցէ Պանքոկի Վերափոխման Սուրբ Կոյսին նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ու պատարագէն ետք իր եզրափակիչ պատգամը կ՛ուղղէ բոլոր ներկաներուն, որով վերջ կը տրուի առաքելական ճամբորդութեան առաջին փուլին։

Շաբաթ 23 նոյեմբերի առաւօտեան Սրբազան Պապը հրաժեշտ առնելով Պանքոկէն կը փոխադրուի Ճափոնի մայրաքաղաք՝ Թոքիօ, ուր կը ժամանէ 6 ժամ 10 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք։ Այստեղ եւս պաշտօնական ընդունելութեան արարողութեան աւարտին Քահանայապետը կը փոխադրուի Թոքիոյի առաքելական նուիրակութիւն, ուր կը դիմաւորուի 200 հաւատացեալներու կողմէ եւ ուր նախատեսուած է Ճափոնի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ հանդիպումը։

Երկրորդ օրը՝ կիրակի 24 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Նակազաքի եւ Հիրոշիմա քաղաքները։ Ան Թոքիոյէն կը մեկնի առաւօտեան կանուխ  ու կը փոխադրուի Նակազաքի ուր կը ժամանէ 2 ժամ տեւող թռիչքէ ետք։ Նակազաքիին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ  «Atomic  Bomb Hypocenter  Park» ը ուր  յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք ադոմական ռումբի զոհերուն, իր պատգամը կ՛ուղղէ «Ադոմական զէնքերու զինաթափումին» ի նպաստ։  Ան ապա կը փոխադրուի «Նիշիզաքա Հիլ»՝ վայրը ուր 1597-ին նահատակուեցան Սուրբ Պօղոս Միքին ու անոր 25 ընկերները՝ եւ ուր այսօր կառուցուած է անոնց յիշատակին համար սրբավայր։

Նորին Սրբութիւնը յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք քրիստոնեայ նահատակներուն կ՛ողջունէ այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ապա նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, որմէ ետք կը փոխադրուի Նակազաքիի առաջնորդարան ուր հանդիպում կ՛ունենայ խումբ մը նորընծաներուն հետ։ Ճաշէն անմիջապէս ետք  կը փոխադրուի քաղաքի «Պէյզպոլի» մարզադաշտ  ուր կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Պատարագէն ետք Սրբազան Պապը օդանաւով կը փոխադրուի Հիրոշիմա ուր կ՛այցելէ 6 օգոստոս 1945-ին ադոմական ռումբին զոհերուն նուիրուած «Խաղաղութեան յուշակոթողը», այնտեղ գլխաւորով «Խաղաղութեան Հանդիպումը», որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այլ դաւանանքներու 20 կրօնապետեր, զոհեր ու հազարէ աւելի ճափոնցիներ։

Այս առթիւ կայացած արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր  պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն, հուսկ Հիրոշիմայի օդակայան փոխադրուելով վերադարձ կը կատարէ Թոքիօ։

Երկուշաբթի 25 նոյեմբերին Քահանայապետը ճամբորդութեան օրակարգը կը սկսի հանդիպելով երրեակ աղէտի զոհերուն հետ՝ երկրաշարժի, թսունամիիի, ու Ֆուքուշիմայի հիւլէական կեդրոնի արկածի զոհերուն հետ, որոնց Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղէ իր հայրական խօսքը,  ապա կը փոխադրուի Ճափոնի Կայսրական Պալատ Նուրոհիթօ Կայսերին պաշտօնական այցելութիւն տալու նպատակով։

Կասերի հետ հանդիպումէն ետք Սրբազան Պապը կը փոխադրուի Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր հանդիպում կ՛ունենայ Ճափոնի երիտասարդներուն հետ, անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը։

Քահանայապետը հուսկ բազմագործունակ մարզադաշտին մէջ կը գլխաւորէ Ճափոնի առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, որմէ ետք կը փոխադրուի  Ճափոնի Վարչապետի պալատ, ուր նախ հանդիպում կ՛ունենայ Վարչապետին հետ հուսկ երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։

Առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը՝ երեքշաբթի 26 նոյեմբերին նախ քան Հռոմ վերադառնալը Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ  Յիսուսեաններու Սոֆիա համալսարանը, ուր հանդիպում կ՛ունենայ իր միաբանակից քահանաներուն հետ, կ՛այցելէ տարեց ու հիւանդ քահանաները ապա համալսարանի մասնաճիւղերը։ Այս կը հանդիսանայ քահանայապետին պաշտօնական վերջին այցելութիւնը որմէ ետք Ան կ՛ուղղուի Թոքիոյի օդակայան ու այնտեղ  կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք, տեղական ժամով 11.35ին, կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար դէպի Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է 26 նոյեմբերի երեկորեան 5ին։

32-րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի արտասանէ 18 ճառեր ու քարոզներ որոնցմէ 8ն Թայլընտի մէջ ու 10 Ճափոնի մէջ։ Քահանայապետին պիտի ընկերանան բացի Վատիկանի պաշտօնական պատուիրակութեան անդամներէն նաեւ 70 լրագրողներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2019, 06:30