Ժամանակւոր ապաստաններ Ժամանակւոր ապաստաններ 

Քահանայապետին աջակցութիւնը Ալպանիայի երկրաշարժի զոհերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ որոշեց որպէս անմիջական օգնութիւն՝ 100 հազար եւրօ գումար տրամադրել Ալպանիային։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 25 նոյեմբերի գիշերուան ընթացքին ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց Ալպանիայի հիւսիսային շրջանը իր ետին թողելով կործանում ու մեծ վնասներ ու պատճառելով տասնեակ զոհեր ու հարիւրաւոր վիրաւորներ, մինչ շատ մարդիկ տակաւին անյայտ վիճակի մէջ են ու հարիւրաւոր այլ անձեր մնացին անօթեւան։

Ունկնդրէ լուրը

Թայլընտ եւ Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութենէն վերադարձին Նորին Սրբութիւնը անմիջապէս հեռագիր մը յղեց իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ապահովեցնելով Ալպանիայի ժողովուրդին ու նոյնը ըրաւ նաեւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։ Ան ապա մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանումի միջոցաւ որոշեց 100 հազար եւրոյի դրամական օգնութիւն յատկացնել՝ որպէս  առաջին ո անմիջական նպաստ Ալպանացի ժողովուրդին  օգնութեան։

«Այս ընելով Սրբազան Պապը կ՛ուզէ վերահաստատել իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու հայրական աջակցութիւնը, երկրաշարժէն տուժած անձերուն նկատմամբ« գրուած է վերոնշեալ Բաժանմունքի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նշուած է նաեւ  որ  «գումարը պիտի յատկացուի երկրաշարժի գօտիի մէջ գտնուող թեմերուն ՝որպէսզի անոնք զայն տրամադրեն բնակչութեան մատուցուելիք առաջին օգնութիւններուն»։

Բացի վերոնշեալ բաժանմունքի յատկացուցած գումարէն, համայն կաթողիկէ եկեղեցին ու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը միացած Քահանայապետի աղօթքին գործի լուծուած են, ամէն մին իր միջոցներով, օգնութեան հասնելու  Ալպանիայի բնակչութեան։

Ալպանիայի Քաիթասի նախագահ՝ Հայր Անճելօ Մասսաֆրա նշած է թէ երկրաշարժը կը նմանի դանակի մը որ կը մխրճուի վէրքին մէջ. «Այս մէկը մեծ աղէտ  մըն է որ աւելիով կը ծանրացնէ Ալպանիայի արդեն իսկ դիւրաբեկ իրավիճակը, ըլլայ ընկերային ըլլայ քաղաքական գետնի վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2019, 08:00