Պանքոկի մէջ սուրբ պատարագ Պանքոկի մէջ սուրբ պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլընտի հասարակութիւնը քաջալերեց յառաջ ընթանալ առաջին միսիոնարներու հետքերուն վրայ։

Ակնարկելով Սիամի առաքելական փոխանորդութեան հիմնադրութեան 350 ամեակին Քահանայապետը զայն նկատեց նշան ընտանեկան ողջագուրումին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թայլընտ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական առաջին օրուայ յայտագիրը եզրափակեց Պանքոկի «Սուփաքալասայ» մարզադաշտին մէջ մատուցած սուրբ պատարագով որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 50 հազար հաւատացեալներ, որոնք բացի վերոնշեալ մարզադաշտէն տեղաւորուած էին նաեւ անոր մօտիկ գտնուող այլ փոքրիկ մարզադաշտի մը մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան արարողութեան վայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը շրջանը ըրաւ երկու դաշտերուն, ողջունելով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները որոնք մեծ յուզումով ընկալեցին Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Ըստ լատանից օրուան ծիսակատարութիւնը նուիրուած էր Սուրբ Կոյս Մարիամի տաճար ընծայման տօնին, մինչ օրուան Աւետարանը քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն (Գլ12, 48) ուր Յիսուս հարց կու տայ «Ո՞վ է իմ մայրս կամ որո՞նք են իմ եղբայրներս։ Ապա ձեռքը աշակերտներուն երկարելով կ՛ըսէ.  «Ահաւասիկ իմ մայրս եւ եղբայրներս. Վասնզի ով որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ ան է իմ եղբայրս,  քոյրս եւ մայրս»։

«Այս խօսքերով Յիսուս կը հաստատէ թէ Աւետարանը հրաւէր է և ազատ իրաւունք բոլոր անոնց  համար, որոնք կը ցանկանան զայն ընկալել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով թէ ինչպէս Աւետարանը լի է հարցումներով որոնք տագնապի կը մատնեն աշակերտները ու զանոնք կը հրաւիրեն ուղեւորութեան մէջ բացայայտելու ճշմարտութիւնը՝ որ կարող է կեանք պարգեւել։

Մատնանշելով Թայլընտ ժամանած առաջին միսիոնարներուն, Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ անոնք հասկցան թէ իրենք կը պատկանին աւելի մեծ ընտանիքի մը, որ կախեալ չէ արեան կապէն, մշակոյթէն, կամ ցեղային խումբի մը պատկանելիութենէն» ու  «մղուած Սուրբ Հոգիէն անոնք գացին փնտռելու իրենց այդ ընտանիքին հարազատները, յաղթահարելով բաժանումի բոլոր պատնէշները» » յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ միսիոնար աշակերտը հաւատքի վարձկան մը չէ, այլ մուրացկան է, որ գիտակից է թէ կարիքը ունի եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնց հետ տօնախմբել Յիսուսին պարգեւած հաշտութեան պարգեւը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Սիամի առաքելական փոխանորդութեան հիմնադրութեան 350 ամեակին, զայն նկատելով նշան այդ ընտանեկան ողջագուրումին։

Սրբազան Պապը հուսկ յատուկէն ակնարկեց այն մանուկներուն ու կիներուն որոնք թիրախ են մարմնավաճառութեան ու պոռնկութեան ոճիրին, որոնց արժանապատուութիւնը խեղաթիւրուած է» ըսաւ Ան ու շարունակեց  մտածումը յղելով նաեւ  երիտասարդներուն որոնք ստրուկ են թմրեցուցիչներուն ինչպէս նաեւ գաղթականներուն որոնցմէ խլուած են տուն ու ընտանիք, ու բոլոր այն անձերուն որոնք իրենք զիրենք կը զգան մոռցուած ու լքուած։

«Այս բոլորը մաս կը կազմեն մեր ընտանիքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը ուղղելով  Թայլընտի հասարակութեան քաջալերեց յառաջ ընթանալ «առաջին միսիոնարներու հետքերուն վրայ, հանդիպելով եւ ուրախութեամբ ընկալելով բոլոր մայրերը, հայրերն ու եղբայրները, որ Տէրը կ՛ուզէ մեզի պարգեւել ու բացակայ են մեր կիրակնօրեայ սեղանէն» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։

Քահանայապետը պաշտօնական առաջին օրուայ յայտագիրը եզրափակեց սուրբ պատարագով

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 12:58