Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Թայլընտ ապա Ճափոն։ Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Թայլընտ ապա Ճափոն։  

Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Թայլընտ ապա Ճափոն։

32-րդ միջազգային սոյն ճամբորդութեան ընթացքին Քահանայապետը կ՛այցելէ երկու երկիրներ ուր կաթողիկէները եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 19 նոյեմբերի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ կու տայ Քահանայապետութեան առաքելական 32րդ ճամբորդութեան, որուն առթիւ ան կ՛այցելէ նախ Թայլընտը ապա Ճափոնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիկոս Պապը  Թայլընտն ու Ճափոնը այցելող երկրորդ Քահանայապետն է

Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն կը մեկնի երեկոյեան 7-ին, ուղղուելով Թայլընտի մայրաքաղաք Պանքոկ ուր կը ժամանէ 11 ժամ 30 վայրկեան տեղւող թռիչքէ ետք՝ Պանքոկի ժամանակացոյցով չորեքշաբթի 19 նոյեմբերի 12.30-ին որ Հռոմի ժամին կը համապատասխանէ առաւօտեան 6.30-ին,  տրուած ըլլալով որ Պանքոկի եւ Հռոմի միջեւ 6 ժամ տարբերութիւն կայ։

Սոյն ճամբորդութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը այցելած պիտի ըլլայ 51 երկիրներ, ու Ֆրանչիկոս Պապը  պիտի հանդիսանայ Թայլընտն ու Ճափոնը այցելող երկրորդ Քահանայապետը՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն ետք, որ Թայլընտը այցելեց 1984 մայիսին ու Ճափոնը 1981 փետրուարին։

Թայլընտի ճամբորդութեան նշանաբանը

Թայլընտի ճամբորդութիւնը կը կատարուի Սիամի առաքելական փոխանորդութեան ստեղծումին  350 ամեակին առթիւ (1669)։ Ճամբորդութեան նշանաբանին մէջ պատկերացուած է Ֆրանչիսկոս Պապը ապա նաւակ մը երեք առագաստներով, որոնք կը յատկանշեն Սուրբ Երրորդութիւնը որ առաքեալները կ՛առաջնորդէ Սիամի առաքելութեան։ Նաւը աւետարանութեան խորհրդանիշն է, մինչ այդ նաւուն թիկունք կանգնող ձեռքը Սուրբ Կոյս Մարիամի ձեռքն է, որուն վստահած էին միսիոնարները։ Ճամբորդութեան բնաբանն է «Քրիստոսի աշակերտներ, աշակերտ միսիոնարներ» ։

Կաթողիկէները փոքրամասնութիւն

32-րդ միջազգային սոյն ճամբորդութեան ընթացքին Քահանայապետը կ՛այցելէ երկու երկիրներ ուր կաթողիկէները եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են։

Թայլընտի մէջ 65 միլիոն բնակչութեան միայն 1 առ հարիւրը քրիստոնեայ են, որոնց շարքին 389 հազար կաթողիկէներ։ Մինչ Ճափոնի գրեթէ 127 միլիոն բնակչութեան վրայ Կաթողիկէներուն թիւը կը հասնի 536 հազարի։

Ճափոնի ճամբորդութեան նշանաբանը

Ճափոնի ճամբորդութեան բնաբանն է «Պահպանել իւրաքանչիւր կեանք»։  Նշանաբանը կազմուած է  երեք գոյներով երեք «բոցերէ», որոնցմէ կարմիրը՝ կը յիշեցնէ մարտիրոսները, կապոյտը կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը որ կ՛ողջագուրէ համայն մարդկութիւնը որպէս զաւակներ, ապա կանաչ գոյնով բոց մը՝ որ յատկանիշն է Ճափոնի բնական առատութեան ու  աւետարանը հռչակելու առաքելութեան։ Բոցերը ներառուած են կլորաձեւ կարմիր շրջանակի մը մէջ որ կը ներկայացնէ արեւը որ կը պարուրէ իւրաքանչիւր կեանք  ու սէրը։

Թայլընտի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը կազմուած  է 16 եպիսկոպոսներէ, 835 քահանաներէ, 123 կրօնաւորներէ ու 1461 կրօնաւորուհիներէ, ապա կան 57 աշխարհական նուիրեալ անձինք ու 221 միսիոնար աշխարհականներ որոնց աւելցնելու ենք 1901 կրօնուսոյցներ։

Ճափոնի կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը կազմուած է 29 եպիսկոպոսներէ, 1407 քահանաներէ, 173 կրօնաւորներէ, 4976 կրօնաւորուհիներէ, 179 աշխարհական նուիրեալ անձերէ ու 1307 կրօնուսոյցներէ։

Ճամբորդութեան նպատակները

Նորին Սրբութիւնը Թայլընտն ու Ճափոնը կ՛այցելէ ընդառաջելով  տեղւոյն եպիսկոպոսներուն ու իշխանութիւններուն հրաւէրին ու նպատակ ունենալով իրենց հաւատքին մէջ հաստատել Կաթողիկէ փոքրիկ հասարակութիւնները, ամրապնդել միջ կրօնական երկխօսութիւնը, հետապնդել միջուկային զէնքերու վերացումը ու խթանել համաշխարհային խաղաղութիւնը։

Առաքելական ճամբորդութիւնը որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր երեկոյեան 7-ին վերջ պիտի գտնէ 26 նոյեմբերին։ Քահանայապետին Հռոմ վերադարձը նախատեսուած է 26 նոյեմբերի երեկոյեան 5-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2019, 09:44