Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Թայլընտի ժողովուրդին ուղղած պատկերասփռուած պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը Թայլընտ կ՛այցելէ 19 -22 նոյեմբերին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օրերուն Թայլընտ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Թայլընտի Ժողովուրդին, որուն մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ.

Սիրելի բարեկամներ։ Թայլընտ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին ձեզ կ՛ողջունեմ ջերմօրէն։

Ունկնդրէ լուրը

 Գիտեմ թէ որպէս բազմացեղային ազգ դուք ունիք հոգեւոր ու մշակութային հարուստ աւանդութիւններ, ու Թայլընտը յանձնառու է խթանելու ներդաշնակութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը, ոչ միայն իր բնակիչներուն միջեւ այլեւ համայն հարաւ արեւելեան Ասիայի տարածաշրջանին մէջ։

Այս աշխարհին մէջ որ յաճախակիօրէն կը փորձարկէ անհամաձայնութիւն, բաժանում եւ բացառում, ձեր այդ փոխզիջումը՝ ի նպաստ միութեան, որ  կը յարգէ ամէն մէկ մարդու, կնոջ ու մանուկի արժանապատուութիւնը, կարող է ներշնչում հանդիսանալ բոլոր այն բարի կամք ունեցող մարդոց, որոնք համայն աշխարհին մէջ յառաջ կը տանին ու կը խթանեն մեր մարդկային ընտանիքին մեծ ու իսկական զարգացումը, զօրակցութեամբ, արդարութեամբ ու  ապրելով խաղաղութեամբ։

Ճամբորդութեանս ընթացքին առիթը պիտի ունենամ հանդիպելու Թայլընտի կաթողիկէ հասարակութեան հետ, զանոնք քաջալերելու համար իրենց հաւատքին մէջ ու անոնց համայն ընկերութեան  պարգեւած սատարին մէջ։ Անոնք ալ Թայլընտի քաղաքացի են ու պէտք է աշխատին իրենց հայրենիքին համար։

Կը մաղթեմ նաեւ ամրապնդել մեր Պուտտիսթ եղբայր ու քոյրերու հետ կիսուած բարեկամական կապերը, որոնք խօսուն վկայութիւնն են հանդուրժողութեան ու ներդաշնակութեան արժէքներուն, որոնք կը յատկանշեն ձեր ժողովուրդը։ Յոյս ունիմ որ իմ այցելութիւնս սատարէ ի յայտ դնելու միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, փոխադարձ հասկացողութիւնն ու եղբայրական համագործակցութիւնը յատկապէս աղքատներու ու կարիքաւորներու ծառայութեան ուղիով ու խաղաղութեան հեռանկարով։ Այս պահուս մեծ պահանջ կայ գործելու վասն խաղաղութեան։

Գիտեմ որ բազմաթիւ անձինք կ՛աշխատին պատրաստելու համար այս այցելութիւնս  եւ ի սրտէ շնորհակալ եմ անոնց։ Սիրելի բարեկամներ, այս օրերուն ձեզ բոլորդ կը կրեմ իմ աղօթքներուս մէջ ։ Կ՛աղօթեմ ձեզի համար ձեր ընտանիքներուն համար, ձեր հայրենիքին  համար ու կը խնդրեմ բարեհաճեցէք մի դադրիք աղօթելէ ինծի համար։ Շնորհակալութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2019, 12:00