Միացեալ Նահանգներու «National Youth Conference»ի երիտասարդական հանդիպումի Քահանայապետական պատգամը

«Այսօր ինչպէս սկզբնական շրջանին պէտք է հանդիպինք ամէն մէկ անձի ու մեր պարտականութիւնն է հասնիլ յատկապէս անոնց որոնք հեռու են ու կը տառապին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

21- 23 նոյեմբեր 2019-ին Միացեալ Նահանգներու Ինտիանափոլիսի մէջ կազմակերպուած է «Blessed Broken Given» նիւթով երիտասարդներուն հաւաքը, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը ուղղեց մասնակիցներուն,  հաւաստիացնելով իր աղօթքները ու մաղթելով որ հաւաքը առիթ հանդիսանայ՝ ամրապնդելու եւ աճեցնելու հաւատքն ու հաղորդութիւնը, ու պայծառացնէ անոնց միսիոներական սրտերը՝ ուժով ու քաջութեամբ ապրելու համար Տիրոջ հետ միասին, դէպի դուրս եկեղեցւոյ մը մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր ինչպէս սկզբնական շրջանին պէտք է հանդիպինք ամէն մէկ անձի ու մեր պարտականութիւնն է հասնիլ յատկապէս անոնց որոնք հեռու են ու կը տառապին» ըսաւ Սրբազան Պապը, «հարկաւոր է հասնիլ մեր աշխարհի գոյութենական արուարձաններ» աւելցուց Ան ու խրախուսեց երիտասարդները   «Տէրը տանելու ամենուրէք»։ «Գացէք եւ լեցուցէք ձեր շրջանակները, նոյնիսկ թուային շրջանակները, ոչ թէ ուրիշները համոզելու համար, այլ վկայելու՝ Յիսուսին Քնքշութիւնն ու ողորմածութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը աւարտեց իր օրհնութիւնները ուղարկելով բոլորին ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2019, 02:45