Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պուտիսթներուն գերագոյն պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պուտիսթներուն գերագոյն պատրիարքը 

Գերապայծառ Այուզօ «Եղբայրութիւնը պատկանելիութիւններէն անդին»:

ֆրանչիսիսկս Պապ ընդգծեց մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին պատգամին կարեւորութիւնը՝ արեւելքէն ներս խաղաղութեան եւ խաղաղ համակեցութեան տարածման համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական միջկրօնական երխօսութեան խորհուրդի նախագահ, գերապայծառ  Անճէլ Այուզօ Կիզօ հարցազրոյցի մը ընթաքին անդրադարձած է Թայլանտի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Պուտիստթներուն «Պատրիարքին» միջեւ կայացած հանդիպումին:

Ունկնդրէ լուրը

Ան ակնարկելով 50 տարի առաջ այն ժամանակուան Պուտիսթներուն Պատրիարքին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան մաս կազմող վանականներուն\ Վատիկանի մէջ Պօղոս Զ Պապին  տուած այցելութեան ընդգծեց, որ «հանդիպումի մը գեղեցկութիւնը կրնայ ծնիլ ժառանգութենէ մը: Եւ այն ինչ, որ պատահեցաւ այսօր Թայլատնի մէջ՝ Պուտիսթներուն պատրիարքին եւ ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ  ունի այդ նոյն համը:»

Գերապայծառը ապա իր ուրախութիւնը յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Պուտիսթներուն Պատրիաքին միջեւ կայացած հանդիպումի համար, նշելով որ հանդիպումի ընթացքին երկխօսութիւններուն եւ ելոյթներուն ընդմէջէն ի յայտ եկած է մէկը միւսին հանդէպ եւ  աւանդութիւններուն նկատմամբ գնահատանք եւ հանդիպումի կեդրոն հանդիսացած է եղբայրութեան ճանաչումը:

Գերապայծառ Այուզօ յատկանշական նկատած է նաեւ այն իրողութիւնը, որ Պուտսիթներուն Պատրիարքը, ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորած է  տաճարի մուտքին եւ ոչ, նստած վիճակի մէջ,  ինչպէս պատահեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին այցելութեան ժամանակ:

Գերապայծառ Կիսօ նշեց նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Պատրիարքին փոխանցած նուէրներու շարքին նուիրած է նաեւ Ապու Տապի մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթի օրինակ մը: «Այս ժեսթով ֆրանչիսիսկս Պապ  ընդգծեց մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին պատգամին կարեւորութիւնը՝ Արեւելքին մէջ խաղաղութեան եւ խաղաղ համակեցութեան տարածման համար» Ըսաւ  Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան ժողովի նախագահը: 

Գերապայծառ Այուզոյի զրոյցը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Պուտիսթներուն պատրիարքին միջեւ հանդիպումի մասին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 12:43