Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Մեզ հարուածող ամենամեծ չարիքներէն մին անտարբերութեան մշակոյթն է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Թող որ այս հանդիպումը ծառայէ որպէս միասնական կոչ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց , որպէսզի շարունակեն մատակարարել պատշաճ օգնութիւններ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Ճափոն կատարած առաքելական այցելութեան երրորդ օրուան՝ 25 նոյեմբերի  յայտագիրը սկիզբ առաւ Թոքիոյի ժամանակով 9.50ին (Հռոմի ժամով առաւօտեան 1.50)։

Սրբազան Հայրը այցելեց «Bellesalle Hanzomon» անուամբ Թոքիոյի կարեւորագոյն Գիտաժողովներու կեդրոններէն մին, ուր հանդիպում ունեցաւ 2011-ի երրեակ աղէտներու, այսինքն Ճափոնը հարուածող ահաւոր երկրաշարժի, ծովսաշարժի եւ թսունամիի ու Ֆուքուշիմայի միջուկային կեդրոնի արկածի զոհերուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Ունկնդրելէ  ետք այդ աղէտներու երեք զոհերու վկայութիւնները Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց հրաւիրեց բոլոր ներկաները պահ մը լրութիւն պահել ու աղօթել 18 հազար զոհերու յիշատակին, անոնց ընտանիքներուն եւ անոնց որոնք տակաւին անյայտ ճակատագրով են։

«Աղօթքը մը որ մեզ միացնէ ու մեզի քաջութիւն պարգեւէ յոյսով նայելու դէպի յառաջ» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ  տեղական վարչակազմին ու կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կ՛աշխատին վերակառուցելու համար աղէտի թիրախ վայրերը ու դարմանելու  50 հազարէ աւելի մարդոց վէրքերը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա այդ աղէտալի օրերուն համայն աշխարհի ցուցաբերած զօրակցութեան մաղթելով որ այդ մէկը շարունակուի՝ «որպէսզի աղէտի գօտիին մէջ ապրած մարդիկը իրենք զիրենք մորացուած չզգան»։

«Թող որ այս հանդիպումը ծառայէ որպէս միասնական կոչ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց , որպէսզի շարունակեն  մատակարարել պատշաճ օգնութիւններ» ըսաւ Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ մատնանշելով որ ոչ մէկը կարող է «վերակառուցուիլ» միայնակ ու թէ կարիքը կայ բոլորին աջակցութեան ու զօրակցութեան՝ քայլ առ քայլ կառուցելու համար ապագան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ աշխարհը յուզող այլ հարցերու ինչպէս պատերազմները, գաղթականութեան երեւոյթը, տնտեսական անհաւասարութիւնը ու բնական աղէտները, հաստատելով որ այս բոլորը մաս կը կազմեն ընդարձակ ցանցի մը, ու թէ հարկաւոր է այդ ուղղութեամբ վճռական որոշումներ առնել, յատկապէս հայող բնական կենսամիջոցներու օգտագործումին, ու միասին աշխատիլ ի նպաստ անտարբերութեան դէմ պայքարող մշակոյթի մը ստեղծումին, «որովհետեւ,  ըսաւ Ան, մեզ հարուածող  ամենամեծ չարիքներէն մին կը գտնուի անտարբերութեան մշակոյթին մէջ»։   

«Հարկաւոր է առ այդ իրազեկ դառնալ որ եթէ մեր ընտանիքէն անդամ մը կը տառապի բոլորս ալ կը տառապինք անոր հետ տրուած ըլլալով որ բոլորս կը պատկանինք իրարու» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը որ  միանալով Ճափոնի եպիսկոպոսներու  կոչին ընդգծեց «միջուկային ուժանիւթին» գործածութեան վնասները ու պահանջեց ատոմակայաններու վերացումը։

Ան հրաւիրեց  պահ մը կանգ առնել ու հարց տալ. «Ի՞նչ աշխարհի մէջ կը գտնուինք եւ ի՞նչպիսի աշխարհ կ՛ուզենք թողուլ անոնց որոնք մեզմէ ետք պիտի գան», այս ուղղութեամբ առաջարկելով նոր տեսութիւն մը որ օգնէ յարգանքով դիտելու կեանքին պարգեւը ու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն նկատմամբ զօրակցութիւնը, բազմացեղային ու բազմամշակութային միակ մարդկային ընտանիքի ներքոյ։

«Երբ մեր հասարակաց տան ապագային մտածենք պէտք է իմանանք որ կարող չենք եսասէր որոշումներու յանգիլ ու թէ մեծ պատասխանատուութիւն մը ունինք եկող սերունդին նկատմամբ» յարեց ապա Քահանայապետը  առաջարկելով նոր ուղի մը՝ ուր բոլորը միասին իրարու հետ  համագործակցին որպէս Աստուծոյ գործիքներ՝ խնամք տանելով արարչութեան։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ երրեակ աղէտի վերակառուցման  աշխատանքներու ընթացքին բազմաթիւ ձեռքեր իրարու պիտի դպչին ու բազմաթիւ սրտեր իրարու պիտի միանան՝ կարծես թէ մէկ բան ըլլային։ Այդպէս է որ բոլոր անոնք որոնք տառապեցան, պիտի ընդունին աջակցութիւն ու պիտի իմանան թէ մոռցուած չեն ու թէ բազմաթիւ մարդիկ կը բաժնեկցին իրենց ցաւերը ու պիտի շարունակեն իրենց օգնութեան եղբայրական ձեռքը երկարել։

Սրբազան Պապը ճառը եզրափակեց մաղթելով որ կարեկցութիւնը ըլլայ այն ճանապարհը որ բոլորին թոյլ կու տայ վերագտնելու՝ ապագային նկատմամբ յոյս, կայունութիւն ու ապահովութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2019, 03:01