Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

3 նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքը «Աստուած կը դատապարտէ մեղքը բայց կ՛ուզէ փրկել մեղաւորը»։

Տէրն է որ իր առաջինը հայեացքը կ՛ուղղէ մեզի։ Եւ այդ հայեացքը սկիզբ կու տայ ապաշխարութեան ու դարձի հրաշքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 նոյեմբեր 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած (Ղուկաս 19, 1-10) օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ ուր կը խօսուի Յիսուսին Զակքէոս անունով մաքսապետի մը հետ հանդիպումի մասին։

Աւետարանիչը կը գրէ. «Երիքով մտնելով՝ քաղաքին մէջէն կ՚անցնէր,  երբ ահա՛ հարուստ մարդ մը՝ Զաքէոս կոչուած, որ մաքսապետ էր,  կը ջանար տեսնել թէ ո՛վ է Յիսուսը. բայց բազմութեան պատճառով չէր կրնար, որովհետեւ կարճահասակ էր:  Ուստի յառաջ վազեց եւ ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ՝ որպէսզի տեսնէ զայն, քանի որ անկէ պիտի անցնէր:  Երբ Յիսուս այդ տեղը եկաւ, վեր նայելով՝ տեսաւ զայն ու ըսաւ անոր. «Զաքէո՛ս, աճապարէ՛, իջի՛ր ատկէ. որովհետեւ այսօր տունդ պէտք է մնամ»:

«Զակքէոս հարուտ մարդ էր որովհետեւ կաշառակեր էր ու այս մէկը կ՛աճեցներ անոր նկատմամբ արհամարհանքը» ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով որ ասով հանդերձ Տէրն եղաւ առաջինը որ իր հայեացքը կ՛ուղղէ Զակքէոսին։ «Այդ ողորմած հայեացքը որ կը հասնի նաեւ մեզի, նախ քան որ մենք անդրադառնանք թէ մենք մեր փրկութեան համար անոր կարիքն ունինք։  Եւ այդ հայեացքը սկիզբ կու տայ ապաշխարութեան ու դարձի հրաշքին» հաստատեց Սրբազան Պապը։

Յիսուս զայն կը կոչէ իր անունով Զակքէոս։ Չի յանդիմաներ զինք։ Այլ Անոր կ՛ըսէ թէ իր տունը պիտի մնայ, հակառակ մարդոց դժգոհութիւններուն։

«Մենք ալ գուցէ գայթակղած պիտի մնայինք Յիսուսին այդ վարուելակերպէն։ Սակայն մեղաւորին նկատմամբ արհամարհանքն ու փակումը ուրիշ բան չեն յառաջացներ եթէ ոչ կղզիացում ու չարին մէջ աւելիով խարսխւում» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ  «Աստուած արդարեւ կը դատապարտէ մեղքը սակայն կ՛ուզէ փրկել մեղաւորը եւ կ՛ուզէ զայն առաջնորդել ուղիղ ճանապարհին վրայ»։

Այն որ երբեք չէ փորձարկած Աստուծոյ ողորմութիւնը դժուարաւ կարող է հասկնալ Յիսուսին վերաբերմունքը։ Յիսուսին այդ մօտեցումը Զակքէոսին մէջ նոր մտայնութիւն կը յառաջացնէ եւ ան կ՛անդրադառնայ թէ որքան ապարդիւն էր իր կեանքը։

«Ան սկսաւ նայիլ տարբեր աչքերով ու Տիրոջ ըսաւ  «Տէ՛ր, ահա՛ ինչքիս կէ՛սը կու տամ աղքատներուն. ու եթէ զրպարտութեամբ ոեւէ մէկը զրկած եմ, քառապատի՛կ կը հատուցանեմ անոր»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր փրկութիւն եղաւ այս տան, քանի որ ի՛նք ալ Աբրահամի որդի է: Արդարեւ մարդու Որդին եկաւ՝ որպէսզի փնտռէ կորսուածը եւ փրկէ»:

Զակքէոս Յիսուսին շնորհիւ հասկացաւ թէ կարելի է սիրել ձրի կերպով, մինչեւ այդ պահը ան ագահ էր ու այժմ դարձաւ առատաձեռն, ան կը սիրեր դիզել այժմ ուրախութիւնն ունի բաժնելու։ 

Հանդիպելով մեծագոյն սիրոյն ու բացայայտելով թէ ինք սիրուած է հակառակ իր մեղքերուն, ան կարող կը դառնայ սիրելու ուրիշները ու իր դրամը կը յատկացնէ ուրիշներու զօրակցութեան ու անոնց հետ հաղորդութեան համար։

«Թող որ Սուրբ Կոյսը մեզի համար ընդունի շնորհքը մենք եւս զգալու Յիսուսին ողորմած հայեացքը, որպէսզի մեր կարգին ողորմութեամբ ընթանանք դէպի ուրիշները, եւ անոնք եւս կարողանան ընկալել Յիսուսը՝ որ եկած է  փնտռելու կորսուածը եւ փրկելու զայն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2019, 12:11