Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Ամենայն Սրբոց տօնին Մարեմեան աղօթքը։

Սուրբերուն յիշատակը մեզ կը մղէ երկինք ուղղելու մեր հայեացքը, ոչ թէ երկրային իրականութիւնը մոռնալու համար, այլ այդ մէկը դիմագրաւելու աւելի մեծ քաջութեամբ եւ յոյսով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 1 նոյեմբեր 2019-ին ըստ Լատինաց  տօնն է Ամենայն սրբոց ։

Տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանեց  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան ծիսակատարութեան վրայ, յայտնելով  թէ «Ամենայն Սրբոց տօնը մեզի կը յիշեցնէ թէ բոլորս կանչուած ենք սրբութեան»։

Ունկնդրէ լուրը

Այն սուրբերը զօր այսօր կը յիշատակենք պարզապէս խորհրդանիշեր չեն, կամ հեռաւոր ու անհասանելի մարդիկ։ Ընդհակառակը՝անոնք անձեր են որոնք ապրեցան ու փորձարկեցին առօրեայի յոգնութիւնները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները, Տիրոջ մէջ գտնելով ուժը մշտապէս վերականգնելու ու յարատեւելու ուղեւորութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով  որ «սրբութեան կարելի չէ ձգտիլ սեփական ուժերով այլ Աստուծոյ շնորհքի պտուղներով ու այդ շնորհքին մեր տուած դրական ազատ պատասխանով»։

«Ուստի սրբութիւնը պարգեւ ու կոչում մըն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով թէ «սրբութիւնը որպէս պարգեւ այսինքն շնորհք,  քննուելիք կամ սակարկելիք իրականութիւն մը չէ, այլ ընկալուելիք իրողութիւն, որ կարելի է ձեռք բերել մասնակցելով աստուածային կեանքին, Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ, որ կ՛ապրի մեր մէջ մեր մկրտութեան օրէն ի վեր։ Ու Սրբութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ապրիլ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ, այժմէն՝ մեր երկրային ուխտագնացութեան ընթացքին»։

«Սրբութիւնը ապա պարգեւ ըլլալէ անդին է նաեւ կոչում՝ վերապահուած բոլոր Քրիստոսի աշակերտներուն, ան լիութեան ճանապարհն է որուն վրայէն  ամէն մէկ քրիստոնեայ կանչուած է քալելու հաւատքի մէջ՝ դէպի վերջնական նպատակը, որ է Աստուծոյ հետ մշտական հաղորդութիւնը, յաւիտենական կեանքին մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ «սրբութիւնը այսպէսով կը դառնայ պատասխան Աստուծոյ պարգեւին, որ կը յայտնուի որպէս պատասխանատուութեան ստանձնում։ Ասոր համար հարկաւոր է լուրջ ու առօրեայի յանձնառում մը ապրելով ամէն ինչ սիրով ու եղբայրսիրութեամբ»։

Սուրբերը զոր այսօր կը տօնախմբենք մեր եղբայրներն ու քոյրերն են որոնք ընդունեցան որ իրենց կեանքի մէջ կարիքն ունին աստուածային լոյսին, որուն  յանձնուեցան վստահութեամբ։ Եւ այժմ Աստուծոյ գահին դիմաց կ՛երգեն Անոր փառքը։ Անոնք կը կազմեն «Սուրբ Քաղաքը» որուն մենք եւս կը նայինք յոյսով, որպէս մեր վերջնական նպատակ, մինչ կը գտնուինք երկրային քաղաքին մէջ։

Նայելով այդ սուրբերու կեանքին մղուած ենք զանոնք ընդօրինակելու։  Սուրբերուն յիշատակը մեզ կը մղէ երկինք ուղղելու մեր հայեացքը, ոչ թէ երկրային իրականութիւնը մոռնալու համար, այլ այդ մէկը դիմագրաւելու աւելի մեծ քաջութեամբ եւ յոյսով։ Թող որ մեր Սուրբ մայրը Մարիամ՝մեզի առաջնորդէ իր մայրական բարեխօսութեամբ, Ան որ նշան է մխիթարութեան եւ վստահ յոյսի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2019, 12:15