Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ  կրած Ափարեսիտա Տիրամօր արձանը Ֆրանչիսկոս Պապ կրած Ափարեսիտա Տիրամօր արձանը  

Ափարեսիտայի Տիրամօր տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին Պրազիլի ժողովուրդին յղած պատգամը:

Նորին Սրբութիւն շնորհաւորեց Պրազիլի ժողովուրդը հայցելով Տիրամայրէն, որ պաշտպան կանգնի անոնց խաղաղութեան, ուրախութեան ուղեւորութեան մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը ողջունելով Պրազիլի ժողովուրդը, « հեզ ու փոքրիկ» Տիրամայրէն հայցած է որ շարունակէ առաջնորդել Պրազիլի ժողովուրդը:

Այս եղաւ ֆրանչիսկոս Պապին Պրազիլի ժողովուրդին յղած պատկերասփռուած պատգամին մէջ կատարած աղօթքը՝ արձանագրուած Վատիկան Նիւզի կողմէ:

Քահանայապետը մաղթած է, որ իւրաքանչիւր Պրազիլցիի Մայրը՝ ինչպէս ինք սահմանած է 2013ին, Ափարեսիտայի տիրամօր տուած այցելութեան ընթացքին, ընկերանայ Պրազիլի ժողովուրդը՝ խաղաղութեան արդարութեան եւ ուրախութեան ուղեւորութեան մէջ:
Ան Տիրամայրէն հայցած է , որ Պրազիլի Ժողովուրդին կողքին մնայ, նաեւ անոնց տառապանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ընկերային, բնապահպանական սահմանափակումներուն ներքեւ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2019, 13:36