Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Սաւուղը՝ հալածողէ դարձաւ աւետարանիչ»։ Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն։

Սուրբ Մկրտութիւնը Սաւուղին համար՝ ինչպէս նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար, նշան կը դառնայ նոր սկիզբի։

Երբ կ՚երթար ու մօտեցաւ Դամասկոսի, յանկարծ երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջը, եւ ինք գետին իյնալով՝ լսեց ձայն մը որ կ՚ըսէր իրեն. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»: Ան ալ ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»: Ու Տէրը ըսաւ. «Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես. տաժանելի է քեզի՝ աքացել խթանի դէմ»: Ան ալ՝ դողալով եւ այլայլած՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ»: Տէրը ըսաւ անոր՝՝ . «Կանգնէ՛ ու մտի՛ր քաղաքը, եւ պիտի ըսուի քեզի թէ ի՛նչ պէտք է ընես»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 9 հոկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց Գործք առաքելոցի գիրքին վրայ ու յատկապէս վերոնշեալ հատուածին վրայ՝ ուր կը պատմուի Սաւուղի - Սուրբ Պօղոսի դարձի դրուագը։

Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով առաքեալներու գործեր գիրքի մեկնաբանութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց որ Սաւուղին դիմագիծը ի յայտ կու գայ Սուրբ Ստեփանոսի քարկոծութեան պահուն՝ «Ստեփանոսի դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ կը կոչուէր Սօղոս»։ Ան նկարագրուած էր որպէս մէկը որ «կամակից էր Ստեփանոսի սպաննուելուն» սակայն աւելի ուշ պիտի դառնար Աստուծմէ ընտրուած գործիք՝ հեթանոսներուն քարոզելու Աւետարանը:

Սողոսը նկարագրուած է որպէս անհանդուրժող ու անզիջող անձ մը, որ կը հալածէր քրիստոնեաները, կարծելով թէ ինք այդպէս օրէնքը յարգած ըլլար։ Ան իրմէ տարբերին մէջ կը տեսնէր թշնամի մը։ Տէրը սակայն Դամասկոսի ճամբուն վրայ կը դպչի անոր սրտին ու զայն դարձի կը բերէ, անոր սորվեցնելով որ պայքարը պէտք չէ մղուի մարդոց դէմ, այլ չարին դէմ՝ որ մարդոց չար արարքներ կը ներշնչէ։

Յարուցեալը արդարեւ կը յայտնուի Սողոսին ու անոր հարց կու տայ «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս» եւ այս ընելով Յիսուս կը նոյնանայ բոլոր անոնց հետ որոնք իրեն կը հաւատան, դիտել տալով որ իր Եկեղեցւոյ անդամներէն մին հարուածելը կը նշանակէ հարուածել նոյնինքն Քրիստոսը։

Եւ Քրիստոսի լոյսը կը կուրցնէ Սաւուղը, այն զօրեղ եւ իշխանատէր մարդը կը դառնայ անպաշտպան եւ ուրիշներէն կախեալ ու այսպէսով արտաքինին մէջ եւս կը բացայայտուի անոր ներքին իրականութիւնը՝ անոր կուրութիւնը՝ ճշմարտութեան ու լոյսին նկատմամբ, որ է Քրիստոս։

Յարուցեալին հետ այդ հանդիպումէն ետք սկիզբ կ՛առնէ փոխակերպումը՝ որ Սաւուղին ցոյց կու տայ «անձնական Զատիկը», անոր անցքը մահէն դէպի կեանք։ «Այսուհետեւ անցեալի բոլոր առաւելութիւնները անարժէք կը համարիմ Քրիստոսը շահելու համար՝ Իրեն համար յանձն առի ամէն բան կորսնցնել եւ ամէն բան կղկղանք կը նկատեմ որպէսզի Քրիստոսը շահիմ» կը գրէ Պօղոս առաքեալ Փիլիպեցիներու ուղղած նամակին մէջ։

Սաւուղը արդարեւ լուսաւորութիւնը կ՛ընդունի այն պահուն երբ Անանիայի ձեռքերէն կ՛ընդունի Սուրբ Մկրտութիւնը՝ Տիրոջ խօսքը բոլոր ազգերուն տանելու առաքելութեան հետ միասին։

Սուրբ Մկրտութիւնը Սաւուղին համար՝ ինչպէս նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար, նշան կը դառնայ նոր սկիզբի։

Սրտի խստութիւնը յաղթահարուած է ու սիրտը կը տրոփէ միայն նոր սիրով՝ որով  կը հռչակուի Քրիստոսը։ Ան որ քրիստոնեաները կը հալածէր այժմ դարձաւ աւետարանիչ որուն միջոցաւ Քրիստոսի Աւետարանի կրակը կը տարածուի հաւատքը հրահրելով բազմաթիւ սրտերուն մէջ ։

Հայցենք Հօրմէն որ մեզի ալ փորձարկել տայ իր սիրոյն հետ շփումը, որ քարէ սիրտը կը դարձնէ միսէ սիրտ, որ կարող է իր մէջ ընկալել Յիսուս Քրիստոսի նոյն զգացումները։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2019, 10:00