Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Քրիստոնէական հաւատքը կը հասնի Եւրոպա» Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Մենք ալ այսօր Սուրբ Հոգիէն հայցենք բաց սիրտ մը, որ զգայուն ըլլայ Աստուծոյ ու հիւրընկալ եղբայրներուն նկատմամբ, նման Լիդիայի, ապա հայցենք զօրեց ու արի հաւատք՝ նման Պօղոսին ու Շիղային, հաւատք որ կարող ըլլայ քայքայել մեր ու մեր մօտիկ գտնուողներուն շղթաները»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հոն՝ գիշերը տեսիլք մը երեւցաւ Պօղոսի. Մակեդոնացի մը կայնած էր ու կ՚աղաչէր իրեն՝ ըսելով. «Անցի՛ր Մակեդոնիա եւ օգնէ՛ մեզի»: Երբ տեսաւ այդ տեսիլքը՝ իսկոյն ջանացինք մեկնիլ Մակեդոնիա, եզրակացնելով թէ Տէրը կը կանչէ մեզ անոնց աւետարանելու»:

Գործք առաքելոցի 16-րդ գլուխէն քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 30 հոկտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր Նորին Սրբութիւնը դարձեալ  շարունակեց կեդրոնացնել Մարկոս Աւետարանիչին վերագրուած առաքեալներու գործեր գիրքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Առաքեալներու գործերը կարդալով կը տեսնենք թէ Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ առաքելութեան դերակատարն է. Ան է որ կ՛առաջնորդէ աւետարանիչներուն ուղեւորութիւնը անոնց ցոյց տալով ճանապարհը որուն պէտք է հետեւիլ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ  «Սուրբ Պօղոսին ուղղուած կոչը այցելելու Մակեդոնիան կատարեալ օրինակն է այդ իրականութեան»։

Երբ անձի մը սիրտը բաց է Սուրբ Հոգւոյն ան կարող է հիւրընկալել Քրիստոսն ու ուրիշները, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Մակեդոնացի Լիդիա անունով աստուածապաշտ կնոջ  որ ծիրանավաճառ էր՝ Թիւատիր քաղաքէն։ Ան մտիկ կ՚ընէր Պօղոսի քարոզութեան ու Տէրը բացաւ անոր սիրտը՝ որ ուշադիր ըլլայ Պօղոսի ըսածներուն: Երբ ինք եւ իր ընտանիքը մկրտուեցան, աղաչեց՝ ըսելով. «Եթէ Տէրոջ հաւատարիմ կը սեպէք զիս, իմ տո՛ւնս մտէք ու հո՛ն մնացէք»: 

«Այս մէկը վկայութիւնն է թէ ինչպէս Քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Եւրոպա։ Մշակոյթի փոխանցման ընթացքի մը սկիզբը որ կը տեւէ մինչեւ օրս» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով նաեւ որ Լիդիային Առաքեալներուն  տրամադրած հիւրընկալութիւնը մեր միտքը կը բերէ  հիւրընկալութեան ու ծառայութեան այլ  դրուագներ՝ ինչպէս Սիմէոնի զոքանչի, Մարիամ եւ Մարթա քոյրերու հիւրընկալութիւնը ու նաեւ  Սուրբ Պօղոս առաքեալի նուիրուած հիւրընկալութիւնը, որոնք ապա ժամանակի հոլովոյթին ծաղկեցան որպէս «տնային եկեղեցիներ», ուր հիւրընկալուեցան առաջին քրիստոնեաները։

«Այդ ջերմ ընդունելութենէն  ետք սակայն Պօղոս ու Շիղան փորձարկեցին բանտարկութեան ցաւալի փորձառութիւնը ու այդ բանտարկութեան պահուն փոխանակ տրտնջելու  սկսան փառաբանել զԱստուած» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ այդ փառաբանութիւնը յառաջացուց նոր հրաշք մը։

Կէս գիշերին՝ Պօղոս եւ Շիղա կ՚աղօթէին ու կ՚օրհներգէին Աստուծոյ. բանտարկեալներն ալ մտիկ կ՚ընէին անոնց:  Յանկարծ հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սարսեցան. անմի՛ջապէս բոլոր դռները բացուեցան եւ բոլորին կապերը քակուեցան: Բանտապահը, երբ արթնցաւ ու բացուած տեսաւ բանտին դռները, քաշեց սուրը եւ պիտի սպաննէր ինքզինք, կարծելով թէ բանտարկեալները փախած են: Բայց Պօղոս բարձրաձայն գոչեց. «Մի՛ վնասեր դուն քեզի, որովհետեւ բոլորս ալ հոս ենք»: Ան ալ՝ ճրագ մը ուզելով՝ վազեց ներս, դողալով ինկաւ Պօղոսի եւ Շիղայի առջեւ, ու դուրս բերելով զանոնք՝ ըսաւ. «Տէրե՛ր, ի՞նչ պէտք է ընեմ՝ որ փրկուիմ»:

Պենտեկոստէի աղօթքին նման բանտին մէջ կատարուած աղօթքն ալ յառաջացուց հրաշագործ հետեւանքներ ու առաքեալները բանտապահին ըսին ««Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ու պիտի փրկուիս, դուն եւ տունդ»: Ու Տէրոջ խօսքը քարոզեցին անոր եւ բոլոր անոնց՝ որ անոր տան մէջ էին: Ինք ալ՝ գիշերուան նոյն ժամուն՝ առաւ զանոնք, լուաց անոնց վէրքերը եւ անմի՛ջապէս մկրտուեցաւ, ինք ու բոլոր իրենները:  Ապա իր տունը տանելով զանոնք՝ սեղան դրաւ անոնց առջեւ, եւ ցնծաց ամբողջ ընտանիքով՝ հաւատալով Աստուծոյ:

Գիշերուայ սրտին մէջ այդ անանուն բանտպահին սիրտը շողաց Քրիստոսի լոյսով ու յաղթեց խաւարին, անոր սրտի կղպանքները քակուեցան ու անոր եւ իր ընտանիքի անդամներուն մէջ ծիլ առաւ անիմանալի ուրախութիւն մը։

«Մենք ալ այսօր Սուրբ Հոգիէն հայցենք բաց սիրտ մը, որ զգայուն ըլլայ Աստուծոյ ու հիւրընկալ եղբայրներուն նկատմամբ, նման Լիդիայի, ապա հայցենք զօրեց ու արի հաւատք՝ նման Պօղոսին ու Շիղային, հաւատք որ կարող ըլլայ քայքայել մեր ու մեր մօտիկ գտնուողներուն շղթաները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով չորեքթաթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2019, 09:54