Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Փիլիպպոս եւ Աւետարանի «վազքը» նոր ճանապարհներու վրայ. Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը:

«Գործք առաքելոց գիրքին մէջ հալածանքը կը յայտնուի որպէս աշակերտի կեանքին մէկ մնայուն իրավիճակ, համաձայն Յիսուսն խօսքերուն «Եթէ զիս հալածեցին՝ ձեզ ալ պիտի հալածեն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 հոկտեմբեր 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց չորեքշաբթի օրուայ  հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Աուրորա մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ՝ Նուպար Աֆեյան եւ Ռուբէն Վարդանեան ինչպէս նաև՝ «Աուրորա» մրցանակի դափնեկիրներ՝ Թոմ Քաթինա, Մարկերիթա Փարանկիտսէ և Չո լա Աունը։

Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով մեկնաբանել  գործ առաքելոցի գիրքը Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ութերորդ գլուխէն քաղուած հետեւեալ  հատուածին վրայ.

«Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց։ Եւ ժողովուրդը միաբան Փիլիպպոսի ըսածներուն ուշադրութիւն կու տային՝ լսելով ու տեսնելով այն նշանները, որոնք կ’ընէր։ Վասն զի շատ դիւահարներէ պիղծ ոգիները մեծաձայն աղաղակելով՝ կ’ելլէին։ Եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին»։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Սուրբ Ստեփանոսի նահատակութենէն ետք Աստուծոյ  խօսքին «վազքը» կարծես ընդհատումի պահ մը ապրեցաւ ի տես Երուսաղէմի եկեղեցւոյ դէմ մղուած բռնարար հալածանքներուն», որուն հետեւանքով առաքեալները կը մնան Երուսաղէմի մէջ, մինչ բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը ձրուին հրէաստանի ու սամարիայի այլ վայրերու մէջ։

«Գործք առաքելոց գիրքին մէջ հալածանքը կը յայտնուի  որպէս աշակերտի կեանքին մէկ մնայուն իրավիճակ, համաձայն Յիսուսն խօսքերուն «Եթէ զիս հալածեցին՝ ձեզ ալ պիտի հալածեն»։

Հալածանքը սակայն փոխանակ աւետարանութեան կրակը մարելու զայն աւելիով սնուցեց», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով թէ ինչպէս Յիսուսի աշակերտները, վտարուելով Երուսաղեմէն դարձան ճանապարհորդ միսիոներներ, որոնց շարքին էր նաեւ Փիլիպպոս սարկաւագը որ աւետարանեց Սամարիայի քաղաքին մէջ՝ բժշկութեան եւ պիղծ ոգիներու վտարման նշաններով։

Սուրբ Հոգին նոր փուլ մը կը ստեղծէ Աւետարանի ճանապարհորդութեան մէջ, որովհետեւ առանց Սուրբ Հոգիին չկայ աւետարանութիւն, ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ Աւետարանութեան դերակատարը Սուրբ Հոգին է եւ ահա Ան  Փիլիպպոսը կը մղէ հանդիպելու Եթովպացի ներքինիին որ Եթովպացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պաշտօնեան էր։ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին. «Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛»։  Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ Ըսաւ. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ» ու աղաչեց Փիլիպպոսին, որ ելլէ իր քով նստի։ Գրքին մէջ կարդացած տեղը այս էր. «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ ու իր խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառնուկի պէս՝ իր բերանը չբացաւ. իր խոնարհութեան մէջ իր դատաստանը վերցուեցաւ եւ անոր ազգատոհմի մասին ո՞վ պիտի պատմէ. վասն զի անոր կեանքը երկրէն պիտի վերցուի»։

Փիլիպպոս իր բերանը բացաւ եւ գրքին այս խօսքէն սկսելով՝ Յիսուսը քարոզեց անոր։

«Անոնց միջեւ կայացած զրոյցը մեզի կը սորվեցնէ Աստուծոյ Խօսքին իմաստը հասկնալու կարեւորութիւնը։ Ասոր համար հարկաւոր է դուրս գալ մեր սահմանափակումներէն, հանդիպելու համար Աստուծոյ հետ ու համակերպելու Քրիստոսին որ Հօր Աստուծոյ կենդանի Խօսքն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ ինչպէս Փիլիիպպոս տեսնելով իր զրուցակիցին դժուարութիւնը՝ հասկնալու իր խօսքերը, անոր կը պարգեւէ ընթերցանութեան բանալին, անոր հռչակելով Քրիստոսը որ իր Զատիկով կը լուսաւորէ համայն մարդը։

Եթովպացին Փիլիպպոսի խօսքերն ետք կ՛ընդուի Սուրբ Մկրտութիւնը,  եւ կը վերածնի նոր կեանքի դառնալով Քրիստոսի մարմնի մէկ անդամ։ Մկրտութենէն ետք Սուրբ Հոգին անոր կեանքը կը լիացնէ։  

«Թող որ Սուրբ  Հոգին բոլոր մկրտեալները  դարձնէ մարդիկ ու կիներ որոնք Աւետարանը կը հռչակեն ուրիշները քաշելու Յիսուսին, գիտնալով  տեղ տալ Աստուծոյ արարքներուն եւ ուրիշները դարձնեն ազատ եւ պատասխանատու Անոր առջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2019, 10:04