Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Աստուած հաւատքի դուռը բացաւ հեթանոսներուն»։ 23 հոկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը։

«Պօղոսի եւ Բառնաբասի առաքելութիւնը եւ Երուսաղէմի Տիեզերական ժողովը».

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 23 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց հրապարակային ընդհանուր  ունկնդրութեան, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Սրբազան Պապը շարունակելով խօսիլ գործ առաքելոց գիրքի մասին ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս,

Պօղոս առաքեալ Յիսուսին հետ փոխակերպիչ հանդիպումէն ետք Երուսաղէմի եկեղեցւոյ մէջ կ՛ընկալուի Բառնաբասի միջամտութեան շնորհիւ ու կը սկսի Քրիստոսը քարոզել, սակայն մի քանիներու հակառակութիւններու պատճառաւ կը ստիպուի Տարսոն փոխադրուիլ, իր ծննդավայրը, ուր իրեն կը հետեւի Բառնաբասը, որպէսզի զինք ներգրաւէ Աստուծոյ Խօսքին երկար ճանապարհորդութեան մէջ։

Ղուկաս մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչպէս այդ ճամբորդութիւնը կը սկսի զօրեղ հալածանքով մը, որ սակայն փոխանակ կանգնեցնելու աւետարանութիւնը կը դառնայ հնարաւորութիւն՝ աւելիով տարածելու քարոզութեան դաշտը ու Աստուծոյ Խօսքին սերմանումին։

Պօղոսն ու Բառնաբասը նախ կը մեկնին Անտիոք ուր կը մնան մէկ տարի, այնտեղի հասարակութիւնը դաստիարակելով եւ օգնելով որ անոնք արմատներ դնեն։ Անտիոքը կը դառնայ առաքելութեան կեդրոնը շնորհիւ երկու առաքեալներու քարոզութեան։ Մեկնելով Անտիոքէն Պօղոս ու Բառնաբասը Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ կ՛ուղղուին Կիպրոսի կղզի, ապա Անատոլիան թերակղզի, այնտեղ հռչակելով Քրիստոսը ու շատերը մօտեցնելով հաւատքին։  Այդ կ՛ըլլայ Պօղոս առաքեալի միսիոներական առաջին ճամբորդութիւնը, որ կը յատկանշէ Աւետարանի ժողովարաններու մէջ քարոզութենէն դէպի հեթանոսական միջավայրեր անցքը։

 Երբ Պօղոսն ու Բառնաբասը Անտիոք կը վերադառնան կը պատմեն թէ ինչպէս Աստուած հաւատքի դուռը բացաւ հեթանոսներուն։

Գործ առաքելոցի այս հատուածէն ի յայտ կու գայ որ եկեղեցին ամրոց մը չէ, այլ վրան մըն է,  որ միշտ  աւելիով կը լայննայ, դէպի դուրս կեղեցի մը, որուն դուռերը միշտ բաց են բոլորին առջեւ։

Հեթանոսներուն առջեւ բացուած դռներու իրողութիւնը սակայն աշխոյժ հակասութիւններ կը յառաջացնէ։ Եւ այդ հարցերու պատասխան գտնելու համար Պօղոսն ու Բառնաբասը կը դիմեն Երուսաղէմի առաքեալներու  խորհուրդին։ Այդպէսով է որ կը գումարուի Եկեղեցւոյ Պատմութեան առաջին տիեզերական ժողովը՝ Երուսաղէմի Ժողովը, որուն մասին կը խօսի Պօղոս Առաքեալ Գաղատացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ.

Առաքեալները կը քննարկեն աստուածաբանական, հոգեւոր, ու կարգապահական շատ նուրբ հարց մը. Քրիստոսի մէջ հաւատքի ու Մովսէսի օրէնքի յարգանքի միջեւ կապը։ Այդ ժողովի ընթացքին վճռական կ՛ըլլան Պետրոս եւ Յակոբ առաքեալներուն միջամտութիւնները, որոնք «Մայր եղեցուող սիւներն են» կը գրէ գործք առաքելոց գիրքը։

«Շատ վիճաբանութիւն ըլլալէ ետք, Պետրոս կանգնեցաւ եւ ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն ի վեր Աստուած ընտրեց զիս մեր մէջէն, որպէսզի իմ բերանովս հեթանոսները լսեն աւետարանին խօսքը, ու հաւատան:  Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով անոնց, ինչպէս մեզի ալ,  ու ո՛չ մէկ խտրութիւն դրաւ մեր եւ անոնց միջեւ՝ մաքրելով անոնց սիրտերը հաւատքով:  Ուստի հիմա ինչո՞ւ կը փորձէք Աստուած, աշակերտներուն վիզին վրայ դնելով այնպիսի լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կարողացանք կրել:  Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսի շնորհքո՛վ կը փրկուինք մենք, ինչպէս նաեւ անոնք»: (Գործք առաքելոց 15, 7-11)

Առաքեալները առ այդ կը հաստատեն որ Յիսուս մեզ կը փրկէ իր շնորհքով եւ ոչ թէ թլփատութեան շնորհիւ, այլ եղբայրսիրութեան մէջ արտայայտուած հաւատքով։

«Պատմութեան մէջ առաջինը համարուած Երուսաղէմի այս տիեզերական ժողովը մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչպէս եկեղեցւոյ մէջ անհասկացողութիւնները պէտք է յաղթահարուին ու պէտք է սիրոյ մէջ փնտռուի ճշմարտութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով այդ ճշմարտութեան փնտռտուքի մէջ երկխօսութեան դիմելու հարկաւորութիւնը ու նաեւ ունկնդրելու ունակութիւնը ունենալու անհրաժեշտութիւնը որ կ՛առաջնորդէ զատորոշումի, Սուրբ Հոգւոյն լոյսին տակ, որ կը գործէ սրտերուն մէջ, ի նպաստ միութեան, բարիին եւ ճշմարտութեան։

Հայցենք Տիրոջմէ որ բոլոր քրիստոնեաներուն մէջ հզօրացնէ հաղորդութեան իղձն  ու պատասխանատուութիւնը։ Մեզ օգնէ ապրելու երկխօսութիւնը, ունկնդրութիւնը, ու հաւատքի մէջ եղբայրներու հետ հանդիպումը, համտեսելու ու բացայայտելու համար Եկեղեցւոյ պտղաբերութիւնը, որ կանչուած է բոլոր ժամանակներու մէջ ըլլալ՝ բազմաթիւ զաւակներու «Ուրախ Մայր մը»։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2019, 10:08