Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը. «Աստուած նախընտրանք չ՛ըներ մարդոց միջեւ»։

Տէրը արդարեւ կ՛ուզէր որ Պետրոս իրադարձութիւններն ու մարդիկը չի դատէր պիղծի ու մաքուրի հեռանկարով այլ սորվի անկէ աւելի անդին երթալ, նայելու համար անձին ու անոր սրտի դիտաւորութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, աշխարհին մէջ Աւետարանի ճամբորդութեան, զոր Սուրբ Ղուկաս կը պատմէ առաքեալներու գործեր գիրքին մէջ, կ՛ուղեկցի Աստուծոյ գերագոյն ստեղծագործութիւնը որ կը դրսեւորուի զարմանալի կերպով։ Ան կ՛ուզէ որ իր զաւակները շրջանցեն առանձնայատկութիւնը բացուելու համար փրկութեան տիեզերականութեան» Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր ներկայացուց 16 հոկտեմբերի առաւօտեան,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ որուն ընթացքին շարունակեց խօսիլ ու մեկնաբանել Ղուկաս Աւետարանիչին գործք առաքելոցի գիրքը շեշտը դնելով 10-րդ գլուխէն քաղուած հետեւեալ հատուածին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Պետրոս բացաւ իր բերանը ու ըսաւ. «Ճշմարտապէս կ՚ըմբռնեմ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ,  հապա ամէն ազգի մէջ իրեն ընդունելի է ա՛ն՝ որ իրմէ կը վախնայ եւ արդարութիւն կը գործէ:  Այն խօսքը՝ որ Աստուած ղրկեց Իսրայէլի որդիներուն, աւետելու խաղաղութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, ա՛ն է բոլորին Տէրը։» 

Այսօր Սուրբ Պետրոսի հետ միասին կ՛ապրինք եղբայրութեան փորձառութիւնը։

Պետրոսի կեանքը լեցուած Սուրբ Հոգիով Պենտեկոստէին օրը նոր իմաստ մը կը ստանայ անոր ապրած յատուկ փորձառութեան բերումով։ Երբ կ՛աղօթէր տեսիլք մը կ՛ունենայ որ իր մէջ կը յառաջացնէ մտայնութեան  փոփոխութիւնը «տեսաւ երկինքը բացուած, ու չորս ծայրերէն կապուած անօթ մը՝ մեծ լաթի մը պէս՝ որ իջաւ երկրի վրայ. անոր մէջ կային երկրի ամէն տեսակ չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները:  Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ ու կե՛ր» Բայց Պետրոս ըսաւ. «Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ ես բնա՛ւ չեմ կերեր պիղծ կամ անմաքուր բան»: Դարձեալ ձայնը կրկին եկաւ իրեն. «Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»: 

Տէրը արդարեւ կ՛ուզէր որ Պետրոս իրադարձութիւններն ու մարդիկը չի դատեր պիղծի ու մաքուրի հեռանկարով, այլ սորվի անկէ աւելի անդին երթալ, նայելու համար անձին ու անոր սրտի դիտաւորութեան։ Որովհետեւ ինչ որ մարդը պիղծ կը դարձնէ արտաքինէն չի գար, այլ ներքինէն՝ սրտէն, ինչպէս կը նշէ Մարկոս Աւետարանիչը։

Այս տեսիլքէն ետք Պետրոսի վճռական քայլ մը կ՛առնէ բացուելու հեթանոսներուն ու կ՛որոշէ այցելել հարիւրապետ Կուռնելիոսը, որուն հետ միասին կը բացայայտէ Աստուծոյ անկողմնակալութիւնը, ու թէ բոլոր ազգերուն միջեւ որեւէ անձ որ կը հաւատայ ու արդարութիւնը կը գործադրէ Աստուծոյ հաճելի է։

Պետրոս այդ տան մէջ կը քարոզէ խաչեալ ու յարուցեալ Քրիստոսը ու մեղքերու թողութիւնը ու մինչ Պետրոս կը խօսէր Կուռնելիոս ու անոր ընտանեկան պարագաներուն վրայ կը զեղու Սուրբ Հոգին  ու Պետրոս  զանոնք կը մկրտէ Յիսուս Քրիստոսի անունով։

Երբ այդ լուրը կը տարածուի Երուսաղէմի մէջ Պետրոսին եղբայրները կը գայթակղին ու զինք կը յանդիմանեն Պետրոսի սակայն կը պատմէ թէ աղօթքին դիմած էր ու այդ աղօթքին հետեւանքով է որ ինք կատարած էր այդ մէկը։

«Արդարեւ երբ աւետարանողը կը վերածնի աղօթքին մէջ, անոր սիրտը աւելի վեհանձն կը դառնայ ու կ՛ազատի կղզիացած սրտէն, բարիք գործելու փափաքով ու կեանքը ուրիշին հետ բաժնեկցելու իղձով», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորելով  նաեւ Առաքեալներու իշխանէն սորվիլ թէ աւետարանողը չի կրնար արգելք հանդիսանալ Աստուծոյ ստեղծագործ գործին, որուն փափաքն է որ բոլոր մարդիկը փրկուին։

Պետրոսին Կուռնելիոսին հետ հանդիպումը Պետրոսը կ՛ազատագրէ արգելքներու բեռէն ու զայն կը դարձնէ Աստուածային օրհնութիւններու միջնորդ՝ բոլորին համար անխտիր։

Մենք եւս հայցենք շնորհքը՝ թոյլ տալու որ Աստուծոյ անակնկալները զարմացնեն մեզ ու արգելք չի հանդիսանալու անոր ստեղծագործութեան, այլ ճանչնալու ու խթանելու նոր ուղիներ՝ որոնց միջոցաւ Յարուցեալը աշխարհին մէջ կը զեղու Սուրբ Հոգին ու սրտերը կը հրապուրէ ինքզինք ճանչցնելու որպէս բոլորին Տէրը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2019, 10:04