Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքներուն վերջին օրը։

Սիւնհոդոսի փակման նիստերու առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր մասնակցողներուն նուիրեց Քահանայապետութեան 2019-ի մետալը որուն վրայ ներկայացուցած է Ամազոնեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 26 հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճէն ներս գումարուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը կ՛աւարտէ իր աշխատանքային նիստերը, սիւնհոդոսի եզրափակիչ փաստաթուղթի քուէարկութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ 25 հոկտեմբերի նիստերու ընթացքին ընտրուեցան Ամազոնիայի նուիրուած յատուկ սիւնհոդոսի իրագործման խորհուրդի 12 անդամները։ Անոնք կը ներկայացնեն Ամազոնեան տարածաշրջանը կազմող երկիները։ Արդարեւ չորսը Պրազիլէն են, երկուքը Պոլիվիայէն, երկուքը Քոլոմպիայէն, այլ երկու հոգի Փերուէն, ապա մէկը Անթիլեանք  կղզիներէն, մէկը Վենեզուելլայէն ու մէկը Էքուատորէն։ Այդ անդամներուն պիտի աւելցուին ապա Քահանայապետաան անուանումով երեք հոգիներ ու խորհուրդը կազմուած պիտի ըլլայ 15 անդամներէ՝ պարտականութիւնն ունենալով ի գործ դնելու Սիւնհոդոսի որոշումները։

Աւարտական եզրափակիչ փաստաթուղթը ներկայացնելով Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէս հաստատեց թէ «Այդ փաստաթուղթը կը ներգրաւէ բնապահպանական արտակարգ իրավիճակ մը, ուր հարկաւոր է գործի լուծուիլ, ու չի յետաձգել հարցերը։ Ամազոնիային պահպանումը հիմնական է մոլորակի առողջութեան համար ու Եկեղեցին գիտակից է թէ անհրաժեշտութիւնը կայ համապարփակ դարձի մը՝ ի նպաստ համապարփակ բնապահպանութեան։

Եկեղեցին մտիկ կ՛ընէ Ամազոնիայի ժողովուրդներու ճիչին,  ու նաեւ երկրի աղաղակին, որոնք միեւնոյն աղաղակն են, ու մեծ յոյսի մը արտայայտութիւնը։ «Սիւնհոդոսը կը ծառայէ հասնելու եկեղեցական հաղորդութեան, Պետրոսին հետ, Քահանայապետի առաջնորդութեամբ» ըսաւ Կարդինալ Հիւմմէս։

Շաբաթ 26 հոկտեմբերին առաւօտեան գումարուած  սիւնհոդոսական աշխատանքային 16-րդ նիստին ընթացքին սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ պիտի ընթերցուի եզրափակիչ փաստաթուղթը իսկ կէսօրէն ետք պիտի կատարուի անոր քուէարկութիւնը։

Սիւնհոդոսի փակման նիստերու առթիւ սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր մասնակցողներուն նուիրեց Քահանայապետութեան 2019-ի մետալը որուն վրայ ներկայացուցած է Ամազոնեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2019, 09:47