Ֆրանչիսկոս Պապ կը զրուցէ բնիկ ժողովուրդի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ կը զրուցէ բնիկ ժողովուրդի անդամներուն հետ 

Վերագտնուեցան անվնաս «Թեւերէ» գետին մէջ նետուած Ամազոնի բնիկներու պատկան արձանները։

Արձաններու յայտնաբերումին լուրը հաղորդեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 25 հոկտեմբեր 2019-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած, ուրբաթ 25 հոկտեմբերի յետմիջօրէին  Սիւնհոդոսական ընդհանուր 15-րդ նիստի ընթացքին  խօսք առնելով, սիւնհոդոսական հայրերուն յայտնեց է թէ անցեալ 21 հոկտեմբերին, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասփոնթինա եկեղեցիէն վերցուած ապա Հռոմի Թեւերէ գետին մէջ նետուած Ամազոնի բնիկներու պատկան փայտէ արձանները վերագտնուած են։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը խօսքին մէջ ըսաւ.

Բարի յետմիջօրէ, կ՛ուզեմ ձեզի փոխանցել երկու խօսք «Փաքահամայի» արձաններու մասին, որոնք վերցուած էին Թրասփոնթինայի եկեղեցիէն, եւ որ այնտեղ կը գտնուէին առանց կռապաշտ մտադրութիւններու, ու նետուած էին Թեւերէ գետին մէջ։

Նախ եւ առաջ այս արարքը պատահեցաւ Հռոմի մէջ ու Հռոմի թեմին որպէս եպիսկոպոս ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր այն անձերէն որոնք վիրաւորուեցան այս ժեստի բերումով։

Ապա կ՛ուզեմ հաղորդել որ արձանները, որոնք այս օրերուն այդքան աղմուկ հրահրեցին զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ, վերագտնուեցան Թեւերէի մէջ, ու անվնաս են։

«Քարապիների»ներու (Իտալիոյ բանակի ոստիկանները) հրամանատարը կը փափաքի որ նախ քան լուրը  հանրային դառնայ նա փոխանցուի ձեզի։ Ուստի առ այժմ լուրը գաղտնի է եւ արձանները պահպանուած են Քարապինիերիներու հրամանատարի գրասենեակին մէջ։

Հրամանատարը յօժարակամ է ընդունիլ որեւէ առաջարկ լուրը հրապարակելու ցուցմունքներու վերաբերեալ  ինչպէս նաեւ ալ ձեռնարկներու մասին որոնք կ՛ուզենք որդեգրել,  ինչպէս զոր օրինակ Սիւնհոդոսի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի ընթացքին այդ արձաններու ցուցադրումը։ Տեսնենք. Ես հարցը կը յանձնեմ Պետական Քարտուղարին որպէսզի ինք պատասխան տայ անոր։ Այս մէկը գեղեցիկ լուր է շնորհակալութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2019, 08:00